Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Կ’արձագանգեն Ալիեւի Յայտարարութիւններուն

Երեւանի Մէջ Կ’արձագանգեն Ալիեւի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Իլհամ Ալիեւի վերջին ապակառուցողական յայտարարութիւնները պէտք է կապել ո՛չ Ուաշինթընի, ո՛չ Սոչիի բանակցութիւններուն հետ, հակադարձելով Ատրպէյճանի նախագահին՝ 44-օրեայ պատերազմին տարած յաղթանակին առթիւ Շուշիի մէջ ունեցած ելոյթին` յայտարարեց Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու նախագահ Էտուարտ Աղաճանեանը:

«Ատրպէյճանի նախագահն ամբողջ բանակցային գործընթացի ծիրին մէջ, մասնաւորապէս, յետպատերազմեան ժամանակահատուածում առանձնապէս աչքի չի ընկել կառուցողականութեամբ: Դա կապել ուաշինկթընեան գործընթացի հետ, Սոչիի գործընթացի հետ կամ որեւէ այլ գործընթացի հետ, կարծում եմ, իմաստ չունի», նշեց Աղաճանեան:

««Զանգեզուրի միջանցքը» Հայաստանի պարտաւորութիւնն է, որ ստանձնած է», յայտարարած էր Իլհամ Ալիեւը:

«Հայաստանը երբեք նման պարտաւորութիւն չի ստանձնել, խօսքը ճանապարհների ապաշրջափակման մասին է, վերահաստատելով պաշտօնական Երեւանի նախկինում հնչեցրած յայտարարութիւնները, թէ միջանցքը կարմիր գիծ է Հայաստանի համար,- ըսաւ Աղաճանեան,- «մեր դիրքորոշումը երբեւէ չի փոխուել այդ հարցի վերաբերեալ եւ չի էլ փոխուելու»:

Ալիեւը երէկուան յայտարարութեան մէջ նաեւ զուգահեռներ կատարած էր Լաչինի ու այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment