Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թեհրան Արձագանգած Է Իլհամ Ալիեւի Սպառնալիքներուն

Թեհրան Արձագանգած Է Իլհամ Ալիեւի Սպառնալիքներուն

by MassisPost

Թեհրան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Շուշիի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին, Իրանին, միջազգային հանրութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար ջանքեր գործադրող կողմերուն ուղղուած սպառնալիքներուն:

Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը յայտարարած է, որ Թեհրանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը հիմնուած է բարիդրացիութեան եւ բոլոր հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման վրայ: Նասէր Քանանիի խօսքով` հարեւանի մը հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը որեւէ կերպ ուղղուած չէ միւս հարեւանին դէմ: Պաշտօնեան ընդգծած է նաեւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ օրէնքի ու միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացներով պէտք է զբաղին տարածաշրջանային երկիրները, այլ ոչ թէ արտաքին ուժերը: Իրան պատրաստ է նպաստելու երկու երկիրներուն միջեւ տակաւին առկայ խնդիրներու կարգաւորման», ըսած է Քանանին:

Անդրադառնալով Ալիեւի խօսքին, թէ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի զօրավարժութիւններ կատարող երկիրները պէտք է իմանան, որ Ատրպէյճանի բանակը հարկ եղած պարագային համապատասխան արձագանգ պիտի տայ, Նասէր Քանանին ըսած է. «Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրանեան վերջին զօրավարժութիւնները ծրագրուած եղած են նախապէս, հարեւանները պաշտօնապէս տեղեկացուած են այդ մասին»:

Իրանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը նաեւ անընդունելի համարած է այն փաստը, որ Պաքուին կ’անհանգստացնեն Թեհրանի եւ Երեւանի շփումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment