Շարունակելով աջակցիլ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը հերթական դրամական աջակցութիւնը ցուցաբերած է Լիբանանի մէջ գործող 16 հայ կրթական հաստատութիւններուն: Հիմնադրամի Ֆրանսայի Տեղական Մարմինին կողմէ տրամադրուած 100.000 տոլարը պիտի ուղղուի այդ կրթական հաստատութիւններու ուսուցիչներու եւ անձնակազմի աշխատավարձերու վճարման:
Ֆինանսական աջակցութիւնը փոխանցուած է Լիբանանի մէջ գործող` «Հայ Աւետարանական Կեդրոնական», «Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան», «Ազգային Միացեալ», «ՀԲԸՄ», «Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց», «Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան», «Մեսրոպեան» եւ «Մխիթարեան» վարժարաններուն, «Հայ Աւետարանական», «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան», «Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան» քոլեճներուն, «Այնճարի Հայ Աւետարանական», «Վահան Թեքէեան» եւ «Նուպարեան» դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ «Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանին:
«Հայաստան» հիմնադրամը հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու եւ լիբանանահայութեան կողքին: Լիբանանահայութեան օժանդակութիւնը սկիզբ առաւ 2019-ի Դեկտեմբերին, երբ Լիբանանի մէջ խորացաւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը: Յաջորդ աջակցութիւնը ցուցաբերուեցաւ 2020-ի Օգոստոսին` Պէյրութի աղէտալի պայթումէն անմիջապէս յետոյ: Այդ տարի շուրջ 600.000 տոլարի դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ տեղի հայ կրթական հաստատութիւններուն:
2021-ի Սեպտեմբերին, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ Տեղական Մարմինի ջանքերով հաւաքագրուեցաւ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխանցուեցաւ 1.000.000 տոլար` Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններուն կարիքները հոգալու նպատակով: Սոյն դրամահաւաքը արձագանգն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ համայն հայութեան ուղղուած կոչին: Ընդհանուր առմամբ, 2019 թուականէն առ այսօր, «Հայաստան» հիմնադրամը լիբանանահայութեան հրատապ կարիքները հոգալու համար ցուցաբերած է շուրջ 1.700.000 տոլարի աջակցութիւն: