Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեան Ընդունած Է Էրին Էլիզապէթ ՄըՔիի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Ալէն Սիմոնեան Ընդունած Է Էրին Էլիզապէթ ՄըՔիի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է ԱՄՆ ՄԶԳ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Էրին Էլիզապէթ ՄըՔիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են խորհրդարան-գործակալութիւն համագործակցութեան շարունակականութեանն առնչուող հարցեր: ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կարեւորագոյն տեղ կը զբաղեցնվ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ` յաւելելով, որ Հայաստանը շահագրգռուած է ԱՄՆ-ի աւելի խորքային ներգրաւման Հայաստանի անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման հարցով:

Գործընկերները զրուցած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման գործին մէջ հեռանկարային ծրագիրներու եւ նախագիծերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment