Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Բացակայութիւնը Վերջին Գործընթացներէն

Ռուսաստանի Բացակայութիւնը Վերջին Գործընթացներէն

by MassisPost

Այս օրերուն բաւականին աշխոյժ եւ բազմակողմանի դիւանագիտական գործընթացներ կ’ընթանան Հայաստանի շուրջ: Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք դարձած է միջազգային քննարկումներու առարկայ: Հակառակ որ, բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ, սակայն կովկասեան տարածաշրջանը սկսած է դառնալ այն վայրը, ուր Արեւմուտքը կը փորձէ Ռուսաստանին «պարգեւել» աշխարհաքաղաքական նոր նահանջ մը, ռազմադաշտին վրայ անոր արձանագրած անյաջողութիւններուն ու միջազգային առումով դիրքերու տկարացման զուգահեռ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները զգալիօրէն կը բարելաւէ իր դիրքերը տարածաշրջանէն ներս ու իր վարած ազդեցիկ քաղաքականութեամբ առայժմ կը յաջողի զսպել Ալիեւի ախորժակները: ԱՄՆ պետական քարտուղարի գրեթէ ամէնօրեայ զրոյցները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, ազդակ է յատկապէս Պաքուին, որպէսզի զգոյշ ըլլայ իր քայլերուն մէջ եւ չհակառակի Ուաշինկթընի հաշուարկուած քայլերուն: Միացեալ Նահանգները կը խօսի ոչ միայն Հայաստանի ինքնիշխանութեան մասին, այլեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին:

Անցեալ շաբաթ, Փրակի մէջ  Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ կայացաւ հանդիպում, որուն աւարտին հրապարակուած միատեղ յայտարարութեամբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը` հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի Հռչակագրին վրայ:

Բացի այդ, առնուեցաւ կարեւոր մէկ այլ որոշում, որուն համաձայն Հայաստանը իր համաձայնութիւնը յայտնեց‘ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդներու տեղակայման` Ատրպէյճանի հետ սահմանին: Պաքուն մերժելով զինուորական դիտորդներու ներկայութիւնը,  որոշ վերապահումներով համաձայնած է այդ երկրորդ տարբերակին: Եւրոպական Միութեան պատկան մարմինները արդէն իսկ լծուած են աշխատանքի, կարճ ժամկէտներու մէջ այդ դիտորդները տեղակայելու համար Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին:

Այս իրադարձութիւնը տեղի կ’ունենան շրջանցելով  Մոսկուայի դերակատարութիւնը շրջանէն ներս:  Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան  դժգոհութիւն յայտնեց ըսելով որ,  Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ ամէն գնով միջամտելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին` դուրս մղելով Ռուսաստանը: Եւրոպային մեղադրելու փոխարէն, Ռուսաստանը կրնար հեշտութեամբ կանխել այլ խաղացողներու մուտքը իր դաշտէն ներս, եթէ փորձէր զսպել Պաքուին ու անպաշտպան չձգեր իր ռազմավարական դաշնակից` Հայաստանը: Այժմ արդէն ուշ է եւ ինչպէս Մոսկուայի մէջ ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը` «Հայաստանն անվտանգութեան մասով երկարաժամկէտ լուծումների ժամանակ չունի»:

Փրակի մէջ տեղի ունեցաւ մէկ այլ հանդիպում, որուն պէտք է անդրադառնալ: Առաջին անգամ դէմ առ դէմ հանդիպեցան ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը: Հանդիպումէն ետք Էրտողան պատասխանելով Հայաստանի հետ սահմանի բացման եւ  բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման մասին Հայ լրագրողներու հարցին ըսած է. «Նախապայմաններ չկան, միայն կը փափաքինք, որ ձեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները հասունացնէք, անյապաղ խաղաղութեան վերաբերեալ պայմանագիրը կնքէք: Երբ այդ ընէք, մեզի հետ որեւէ խնդիր չի մնար. սահմանները պէտք են բանալ‘ կը բանանք եւ բոլոր տեսակի օդային, ցամաքային, երկաթուղային ճանապարհի առաջ կը բանանք»՚: Նախապայմաններ չկան ըսող Թուրքիոյ նախագահը, յաջորդ նախադասութեամբ իսկ, կը խօսի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան պայմանի մասին: Այսպիսով, կարելի է ըսել որ, Հայաստան-Թուրքիա հերթական բանակցութիւնները արդէն իսկ մտած են փակուղի:

Այս բոլոր զարգացումները կու գան հաստատելու որ, Երեւանի վարած բազմաբեւեռ քաղաքականութիւնը եւ հաստատած մօտ շփումները` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան հետ սկսած են տալ իրենց արդիւնքները` Ատրպէյճանը զսպելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու առումով: Հայաստան կը մասնակցի բոլոր գործընթացներուն առանց անտեսելու Մոսկուայի դերը տարածաշրջանէն ներս: Իսկ Ռուսաստան կրնայ իր դիրքը վերականգնել` Հայաստանի հանդէպ իր պարտաւորութիւնները կատարելով ու նաեւ ամրապնդելով իր երկարատեւ ներկայութիւնը Արցախի մէջ, այլապէս Հարաւային Կովկասը կրնայ ամբողջութեամբ դուրս գալ իր վերահսկողութենէն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment