Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չաւուշօղլուն Ֆրանսայի Մէջ Թրքական Համայնքը Կը Հրահրէ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

Չաւուշօղլուն Ֆրանսայի Մէջ Թրքական Համայնքը Կը Հրահրէ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Սթրասպուրկի մէջ թրքական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի թրքական համայնքի անդամներուն հետ, որուն ժամանակ կոչ ըրած է աւելի համակարգուած գործելու հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն դէմ:

Չաւուշօղլուն հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի մէջ հայկական սփիւռքի մէկ մասը դէմ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Նշելով, որ Ֆրանսայի մէջ 800 հազար թուրք քաղաքացի կայ` Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ յատկապէս քաղաքականութեան եւ լոպպիստական գործունէութեան մէջ: «Դուք պէտք է աւելի կազմակերպուած կերպով ձեր ձայնը բարձրացնէք հայկական սփիւռքին դէմ, սիրելի՛ քաղաքացիներ», դիմելով թրքական համայնքի  ներկայացուցիչներուն` ըսած է Չաւուշօղլուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment