Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջին Շրջանի Քննարկումներն Ու Դիւանագիտական Աշխատանքը Յառաջ Երթալու Որոշակի Տարածք Ստեղծած Են. Փաշինեան

Վերջին Շրջանի Քննարկումներն Ու Դիւանագիտական Աշխատանքը Յառաջ Երթալու Որոշակի Տարածք Ստեղծած Են. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը այս փուլին բաւարարուած է Սեպտեմբեր 13-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ միջազգային արձագանգով: Այս մասին Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան նշեց, որ պէտք է շարունակել աշխատանքը, որպէսզի միջազգային արձագանգը ըլլայ հետեւողական: «Պարզ է, որ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը հասցէական գնահատական եւ հասցէական մօտաւոր ճանապարհային քարտէզի նախագիծ է տալիս, թէ ինչպէս մենք պիտի լուծենք այս խնդիրը, ինչպէս յաղթահարենք իրավիճակը», ըսաւ վարչապետը:

Ան նշեց, որ իր գնահատմամբ վերջին շրջանի քննարկումներն ու դիւանագիտական աշխատանքը  յառաջ երթալու որոշակի տարածք ստեղծած են: «Այս առումով ես ուզում եմ հետեւեալ գնահատականը տալ նաեւ, թէ ինչ ուղղութիւններով կարող է որոշակի տարածք յառաջանալ, որպէսզի մենք շարժուենք առաջ:  Ես խօսել եմ 1991 թուականի Դեկտեմբերի 8-ի համաձայնագրի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմից տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչելու այդ հասկացողութեան մասին, եւ կան նախանշաններ, որ այս հենքը, այս մօտեցումը կարող է փոխադարձաբար ընդունելի լինել կողմերի համար», ըսաւ ՀՀ վարչապետը` յաւելելով, որ կայ որոշակի տարածք, որպէսզի տեղի ունենայ եւ մեկնարկէ խօսակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

«Այս երկու ուղղութիւնները ես համարում եմ անկիւնաքարային», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան յայտարարեց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ երթալ որդեգրած խաղաղութեան օրակարգով:

«Ես հաստատում եմ, որ որդեգրել ենք խաղաղութեան օրակարգ: Եւ հաստատում եմ, որ իմ վերջին հարցազրոյցում յայտարարուած բանաձեւով խաղաղութեան օրակարգն իրագործելու պատասխանատուութիւն եմ ստանձնում: Ակնկալում եմ խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ ժողովրդի աջակցութիւնը այս օրակարգը կեանքի կոչելու համար: Ես գնում եմ այդ ճանապարհով, ես գնալու եմ այդ ճանապարհով: Վերջին շրջանի բանակցութիւնների եւ բովանդակութեան արդիւնքում, ես տեսնում եմ ճանապարհ գնալու: Սա է ամենակարեւորը», ընդգծեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment