Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան. «Եթէ Մահն Անգամ Յոգնած Է՝Ժամանակն Է Խաղաղութեան Երգեր Երգելու»

Փայլան. «Եթէ Մահն Անգամ Յոգնած Է՝Ժամանակն Է Խաղաղութեան Երգեր Երգելու»

«Խաղաղութիւն Ուզել Կը Նշանակէ Ռիսք Առնել»

by MassisPost

Ժողովուդրներու ժողովրդավար կուսակցութեան Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան այսօր Թուրքիոյ խորհրդրանին մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը՝ Փրակի մէջ կայանալիք Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման ընդառաջ։

Փայլան նշեց, թէ այսօր Փրակի մէջ պատմական հանդիպում մը պիտի կայանայ՝ պիտի հանդիպին նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան։ «Յուսամ այս պատմական հանդիպումը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան։ Դարերէ ի վեր միասնաբար ապրած հայեր, ատրպէյճանցիներ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդները դժբախտաբար վերջին հարիւրամեակին հակամարտութիւններու հետեւանքով հեռացան իրարմէ։ Մինչեւ հարիւր տարի առաջ Անատոլուի իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ հայեր կը բնակէին, իսկ այսօր ափ մը մնացած ենք։ Դեռ կանք, եւ որպէս Թուրքիոյ հայեր դեռ խաղաղութիւն կը պահանջենք։ 35 տարի առաջ միասնաբար կ՚ապրէին ատրպէյճանցիներն ու հայերը։ Սովետական Միութեան կազմալուծմամբ, նոյն օրն իսկ ստեղծուած այս երկու երկիրները՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, յայտնուեցան պատերազմի մէջ եւ երկու ժողովուրդներն ալ  35 տարիէ ի վեր պատերազմելով կը պարտուին։ Ա՛լ պատերազմին վերջ տալու պահն է։ Եւ այս ուղղութեամբ Թուրքիա պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ։ Իմ երկրի նախագահը՝ պր. Էրտողան պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ։ Ազգային ժողովը տարածաշրջանային խաղաղութեան համար պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ։ Այս առումով բոլորը պատասխանատուութիւն ստանձնելու կը հրաւիրեմ», յայտնեց հայազգի պատգամաւորը։

Փայլան յիշեցուց, որ 1993-ին Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան պատճառով Թուրքիա փակած էր Հայաստանի իր սահմանադուռը։  «Ինչպէս որ դուռը փակ երկու դրացիներ իրենց հարցերը չեն կրնար լուծել, Թուրքիա եւ Հայաստան ալ իրենց հարցերը չեն կրնար լուծել։ Բայց եթէ դռները բանանք, խօսիլ սկսինք, յարաբերութիւն ստեղծենք՝ այն ժամանակ պիտի տեսնենք, թէ չունինք անլուծելի որեւէ հարց»։ Փայլան ըսաւ, որ 1993-ին Հայաստան խաղաղութեան ձեռք մեկնած էր, սակայն Թուրքիա այդ առիթը չկրցաւ օգտագործել։ Ան յիշեցուց 2008-ի ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը։ «Այդ ժամանակուան նախագահները՝ Ապտուլլահ Կիւլ եւ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցան թէ՛ Երեւանի, թէ Պուրսայի մէջ։ Այդ շրջանին արձանագրութիւններ ստորագրուեցան, սակայն երկու կողմի ազգայնականները արգելք եղան խաղաղութեան հաստատման։ Սա երկրորդ առիթն էր, որ փախցուցինք։ Խաղաղութեան բացակայութեան պատճառով, 2020-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 44-օրեայ պատերազմ մը սանձազերծուեցաւ։ Հայաստանցի ու ատրպէյճանցի հազարաւոր երիտասարդներ մահացան։ Առանց խտրականութեան կը խոնարհիմ բոլորի յիշատակին առջեւ եւ կը ցաւակցիմ իրենց ընտանիքներուն։  Քանի որ քաղաքական գործիչները չկրցան հաշտուիլ, ցաւը ժողովուրդները ապրեցան։ Մինչդեռ ատրպէյճանցիներն ու հայերը  մինչեւ 35 տարի առաջ միասնաբար կ՚ապրէին, եղբայրաբար, հարեւան գիւղերու մէջ, առուտուր  կ՚ընէին իրարու հետ։ Ստեղծուեցաւ այնպիսի ընկալում մը, թէ այս ժողովուրդները պատմական թշնամիներ են։  Բայց, ինչպէս Եաշար Քեմալ կ՚ըսէր, եթէ մահն անգամ յոգնած է՝ ժամանակն է խաղաղութեան երգեր երգելու»։

Ըստ Փայլանի, հակառակ այլ երկիրներու ջանքերուն, Թուրքիա խաղաղութեան համար պատասխանատուութիւն չի ստանձներ, այլ կողմնակցութիւն ընելով կը կանգնի Ատրպէյճանի կողքը։  «Ատրպէյճանը ջան կը կոչէ Թուրքիա։ Բայց, պարո՛ն Էրտողան, պէտք է գիտնաք, որ այս արտայայտութիւնը ամենաշատ Հայաստանի մէջ կը գործածուի։ Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը հաստատենք այն ժամանակ, երբ Ջան Ատրպէյճան ըսելու պէս ըսենք նաեւ՝ Ջան Հայաստան։ Նոյնպէս եւ ատրպէյճանցիները հայերը ջան պիտի կոչեն եւ ընդհակառակը։ Տարածաշրջանային խաղաղութեան բարիքները բոլորս պիտի վայելենք։ Հիմա ահա՛ առիթ մը եւս կայ խաղաղութեան»։

«Հայեր կ՚ըսեն, թէ Ղարաբաղը իրենցն է, ատրպէյճանցիներ ալ կ՚ըսեն թէ իրենցն է։ Ո՛չ, Ղարաբաղ կը պատկանի Ղարաբաղի ժողովուրդներուն, միասնաբար ապրիլ երազող ղարաբաղցի հայերու ու ատրպէյճանցիներու։ Սակայն ղարաբաղցի հայեր մտահոգ են իրենց ապագայով եւ պէտք է ապահովել անոնց անվտանգութիւնը», ընդգծեց Փայլան։

«Կոչ կ՚ուղղեմ , կը պահանջեմ սահմաններու անյապաղ բացումը։ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պէտք է բացուի։ Քաղաքական գործիչները առանձինն չեն կրնար կերտել խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւնը կը կայանայ երբ իրարմէ հեռու մնացած ժողովուրդներ ողջագուրուին։ Պէտք է դռները բաց ըլլան։ Էրզրումի եւ Երեւանի պարը նոյնն է, այս ժողովուրդները նոյն երգերով արցունք կը թափեն ու կը զուարճանան։ Եթէ այս ժողովդուրները ողջագուրուին՝ այն ժամանակ պիտի տեսնէք որ իրարու ամենամօտիկ ժողովուրդներն են ասոնք։ Կոչ կ՚ուղղեմ Էրտողանին ու Փաշինեանին՝ անյապաղ բանալ սահմանադուռը։ Պր. Փաշինեան խաղաղութեան համար առիթ մըն է։ Խաղաղութիւն ուզել կը նշանակէ ռիսք առնել։ Փաշինեան կ՚առնէ այդ ռիսքը։ Փաշինեան խաղաղութեան ձեռք կը մեկնէ։  Այսօր պիտի տեսնենք, թէ այդ ձեռքը կը սեղմեն, թէ ոչ։ Պր. Էրտողանէն կը խնդրեմ, որ սեղմէ Փաշինեանի երկարած ձեռքը»։

Ապա Փայլան ըսաւ, թէ պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանները, մտաւորականները, լրագրողները, առեւտրային ու տնտեսական կառոյցները, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները։ Հուսկ ան շնորհակալութիւն յայտնեց երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի ու Ռուբէն Ռուբինեանի։

Փայլան մամլոյ ասուլիսի աւարտին պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, հաստատեց, թէ ժողովուրդները նախապաշարում ունին իրարու նկատմամբ՝ անցեալի ցաւերու, կորուստներու պատճառով։ «Այս ցաւերու հետ առերեսուելու համար պէտք է խօսիլ, յարաբերութիւն հաստատել», ըսաւ պատգամաւորը։ Ըստ իրեն, երեք երկիրներու ազգայնականները կոմնակից չեն խաղաղութեան՝ իրենց իշխանութիւնները շարունակելու համար, սակայն երեք երկիրներու մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք խաղաղութիւն կ՚ուզեն, որոնցէ ձայն չ՚ելլեր։ «Կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի խաղաղասէրներու ձայները աւելի բարձր ըլլան», եզրափակեց իր ելոյթը Կարօ Փայլան։

Տեսագրութեան յղումը՝ https://we.tl/t-S1C7zkJfTo

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment