Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենենտեսը Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Ըրած Է Դադրեցնելու Անվտանգային Օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին

Մենենտեսը Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Ըրած Է Դադրեցնելու Անվտանգային Օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես, վկայակոչելով Հայաստանի նկատմամբ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները, նախագահ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է դադրեցնելու ամերիկեան անվտանգային բնոյթի օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին եւ առհասարակ վերանայելու այդ երկրին յատկացուող օժանդակութիւնը:

Սեպտեմբեր 22-ին պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին հասցէագրուած բաւական խիստ նամակին մէջ Մենենտես նշած է, որ ԱՄՆ պէտք չէ դերակատարում ունենայ մենատիրական բռնութիւններուն աջակցելու գործին մէջ, եւ որ ինքն ու իր գործընկերները Գոնկրէսին մէջ պիտի աշխատին 907-րդ բանաձեւի կիրարկման նախագահական սահմանափակումները վերացնելու ուղղութեամբ: 907-րդ բանաձեւի կիրարկումէն նախագահական հրաժարման օրէնսդրական հնարաւորութեան վերացումը ուղղակիօրէն կ’ենթադրէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան դադրեցում:

Մենենտեսը նաեւ յղում ըրած է ԱՄՆ կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակի ուսումնասիրութիւններուն, ըստ որոնց` Պետական գրասենեակը պատշաճ կերպով Գոնկրէսին չէ զեկուցած Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան անվտանգային բնոյթի օժանդակութեան ազդեցութեան վերաբերեալ: Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ ամերիկեան վարչակազմը պէտք չէ անաչառ երեւալու համար նուազեցնէ ատրպէյճանական յարձակումներուն ծաւալը: Մենենտեսը, մէջբերելով Պայտընի` «…երբ բռնապետերը գին չեն վճարեր իրենց յարձակման համար, անոնք աւելի շատ քաոս  կ’առաջացնեն» պնդումը, կարծիք յայտնած է, որ «ԱՄՆ կարեւոր հնարաւորութիւն ունի կանգնելու հայ ժողովուրդի կողքին, երբ վերջինս կը փորձէ ետ մղել բռնատիրական վարչակազմի յարձակումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment