Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած Է Փաշինեանի Եւ Պլինքընի Հանդիպումը

Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած Է Փաշինեանի Եւ Պլինքընի Հանդիպումը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ, հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկուած լայնածաւալ յարձակման` կարեւորելով տեղի ունեցածին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի կողմէ հնչեցուող յստակ դիրքորոշումներն ու գնահատականները: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է անձամբ Պլինքընի ջանքերը` բանակցային գործընթացին ու երկխօսութեանն աջակցելու ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ ատրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման, ատրպէյճանական կողմը պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման եւ մարդասիրական այլ խնդիրներու ուղղութեամբ համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի լրատուականին փոխանցմամբ` Էնթընի Պլինքըն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ջանքերը բանակցային ու խաղաղ գործընթացին, կարեւորելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ երկարատեւ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, այդ շարքին` ԼՂ ժողովուրդին համար:

ԱՄՆ պետական քարտուղարը կարեւորած է Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ եռակողմ հանդիպումը եւ յոյս յայտնած է, որ երկխօսութիւնը յառաջիկային եւս կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment