Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալէն Սիմոնեան Ընդունած Է Սդհկ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Ալէն Սիմոնեան Ընդունած Է Սդհկ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սեպտեմբեր 23-ին ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ԱԺ նախագահը շնորհաւորած է Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչները կուսակցութեան 135-ամեակին առթիւ` մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանին, Սփիւռքին եւ Արցախին առնչուող կենսական նշանակութեան հարցերու շուրջ` այս ծիրին մէջ առանձնացնելով քաղաքական ուժերու միասնական գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադարձ եղած է նաեւ ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment