Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ-ի Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ Եռաբլուր Պանթէոն

ՍԴՀԿ-ի Պատուիրակութիւնը Կ’այցելէ Եռաբլուր Պանթէոն

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 135-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Հնչակեան կուսակցութեան պատուիակութիւն մը այցելեց Եռաբլուր պանթէոն, գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի:

Եռաբլուր պանթէոնը այն սրբավայրն է, ուր հանգրուանած են հայրենիքին համար նահատակուած հերոսները: Իւրաքանչիւր հայու համար Եռաբլուրը սրբատեղի է, ուր այցելելով յարգանքի տուրք կը մատուցէ իրենց կեանքը հայրենիքին սիրոյն զոհած տղոց անմահ յիատակին:

Առ այդ, Հայաստան գտնուող ՍԴՀԿ-ի պատուիրակութիւնը, խումբ մը շարքայիններու ընկերակցութեամբ, ուխտագնացութիւն կատարեցին Եռաբլուր պանթէոն, ուր կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան  խօսք առաւ ու նշեց, որ Եռաբլուրի այս սուրբ վայրին մէջ հանգչող մեր հերոս զինուորներուն շիրիմները կերտած են հայրենիքի նորագոյն պատմութիւնը: Ան շեշտեց, որ «ինչ ալ ըլլան  պարագաները, հայրենիքը ՍԴՀԿ-ին համար կը մնայ գերագոյն ե՛ւ նպատակ, ե՛ւ տեսլական, եւ այսօր այստեղ կը գտնուինք այդ հիմնական պատճառով, որովհետեւ հայրենիքն է մեր ուժը, մեր ոգին, հայրենիքն է մեր ապագան, եւ առանց անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքի սփիւռքը երկար չի կրնար գոյատեւել»:

Ան նշեց, որ իրենք  ամէն համագումարէ առաջ այս ուխտագնացութիւնը կը կատարեն, սակայն այսօր բոլորովին տարբեր է պահը, նկատի ունենալով վերջին երկու տարուան դժուարութիւնները, որոնք երբեմն յուսահատութեան կրնան մղել, սակայն մենք չենք ընկրկիր, եւ անոր վառ ապացոյցն է նախորդ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումները, ուր, շնորհիւ մեր զինուորներու քաջարի պայքարին, թշնամին իր արժանի պատասխանը ստացաւ: Ընկ. Սարաֆեան ըսաւ, որ դժբախտաբար այսօր նաեւ հոս պիտի տեսնենք շիրիմները անցեալ շաբաթ զոհուած մեր տղոց, որ կու գան աւելնալու այն հազարներուն, որոնք պայքարած ու հերոսացած են յանուն հայրենիքին:

Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը հպարտութիւն յայտնեց կուսակցութեան անցեալով, որովհետեւ «մենք հայ ազատագրական պայքարի, Հայաստանի անկախութեան համար նուիրաբերած ենք մեր ամենահանճարեղ, ամենահզօր զաւակները», ըսաւ ան: Ընկ. Սարաֆեան համոզմունք յայտնեց, որ այսօր Եռաբլուրի մէջ հանգչողները շառաւիղներն են մեր հերոսներուն, հայրենիքի ազատագրական պայքարին համար զոհուած մեր բոլոր մարտիկներուն, հաստատելով որ «ուղիղ կապ մը կայ մեր 135 տարուան պայքարին եւ այս վայրին մէջ ննջող զոհուած մեր զինուորներուն միջեւ»:

Աւարտին, Ընկ. Սարաֆեան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ 135-ամեակի խորհուրդով փակելու արարողութիւնը՝ միասնաբար երգելով «Տուր ձեռքդ, ընկեր» ուխտերգը: Ապա, ներկաները այցելեցին զոհուած հերոսներուն շիրիմներուն եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոնց յիշատակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment