Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Գերագոյն Դատարանը Ազատ Արձակած Է Հայաստանի Առնուազն 4 Քաղաքացի

Ատրպէյճանի Գերագոյն Դատարանը Ազատ Արձակած Է Հայաստանի Առնուազն 4 Քաղաքացի

by MassisPost

Սեպտեմբեր 8-ին, Ատրպէյճանի Գերագոյն դատարանը մեղմացուցած է Հայաստանի չորս քաղաքացիներու նկատմամբ պատիժը, որոնք ձերբակալուած էին 2020 թուականի Դեկտեմբերին Հատրութի մէջ` ռազմական գործողութիւններու աւարտէն յետոյ:

Անոնց պատիժին չափը կրճատուած է 1 տարի 8 ամիս 25 օրով: Այս ժամկէտի աւարտին առիթով անոնք ազատ արձակուած են: Այս տեղեկութիւնը Turan գործակալութեան հաստատած են Գերագոյն դատարանէն:

Ըստ ոչ-պաշտօնական տեղեկութիւններու` այդ անձերը յառաջիկային պիտի յանձնուին Հայաստանի իշխանութիւններուն:

Գերագոյն դատարանի կայքը հրապարակած է Հայաստանի 26 քաղաքացիներու ցուցակը, որոնց վճռաբեկ բողոքները ներկայացուած են Սեպտեմբեր 7-ին:

Ըստ ամենայնի, ազատ արձակուած ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը կը գերազանցէ չորսը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment