Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով յատուկ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 8-ին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ Արմէն Եկանեանի եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի ուղեկցութեամբ:

Հիւրերը դիմաւորած եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը:

Ան հիւրերուն ներկայացուցած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերուն պատմութիւնը, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:

Ֆիլիփ Ռիքըր ծաղկեպսակ դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ յետոյ ԱՄՆ-էն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Յարութիւն Մարութեան հիւրին նուիրած է 1890-1922 թուականներուն ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած հայկական կոտորածներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու երկու հատոր` «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment