Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Ուսուցիչներու Եւ Դաստիարակներու Աշխատավարձերը Եռապատկելու Գործընթաց Սկսած Է

Հայաստանի Կառավարութիւնը Ուսուցիչներու Եւ Դաստիարակներու Աշխատավարձերը Եռապատկելու Գործընթաց Սկսած Է

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար հանդուրժել ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն վճարուող ծիծաղելի աշխատավարձերը եւ անոնք ընդհուպ եռապատկելու գործընթաց սկսած է: Կառավարութեան հերթական նիստին ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Վարչապետը նշեց, որ այդ գործընթացը պէտք է զուգակցուի ուսուցիչներու կամաւոր աթեսթաւորմամբ:

«Ընդ որում, դա պէտք է լինի շարունակական գործընթաց, եւ աթեսթաւորուած ուսուցիչները հինգ տարին մէկ անգամ նոյն եղանակով իրենց աշխատավարձը կրկին բարձրացնելու հնարաւորութիւն պէտք է ստանան: Այսինքն` ամէն հինգ տարին մէկ անգամ կամաւոր աթեսթաւորում անցած ուսուցիչները նորից կարող են կամաւոր աթեսթաւորուել ու կրկին աշխատավարձի բարձրացում ունենալ, որովհետեւ ժամանակի ընթացքում գնաճ է տեղի ունենում, փոխւում են գները, եւ ուսուցիչները նոյնպէս այդ աշխատավարձերը որակաւորման վերահաստատմամբ պէտք է բարձրացնելու հնարաւորութիւն ունենան», ըսաւ Փաշինեան:

Ինչ կը վերաբերի քանի մը տարի կամաւոր աթեսթաւորում չանցած ուսուցիչներուն, վարչապետը նշեց, որ անոնք այդ կարգավիճակը պահպանելու հնարաւորութիւն պիտի չունենան: «Այսինքն, ուսուցիչ աշխատելու հնարաւորութիւն չեն ունենալու», պարզաբանեց Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով` նոյն գործընթացին մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ մանկապարտէզներու դաստիարակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment