Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խումբ Մը Մտաւորականներ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Յորդորած Են Բացայայտել Փայլանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրը

Խումբ Մը Մտաւորականներ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Յորդորած Են Բացայայտել Փայլանի Դէմ Մահափորձի Ծրագիրը

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ խումբ մը մտաւորականներ համատեղ յայտարարութիւն տարածած են` թրքական իշխանութիւններուն յորդորելով քայլերու ձեռնարկել ու բացայայտել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ մահափորձի ծրագիրը:

Շաբաթներ առաջ թուրք փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճեն իր ընկերային հաշիւներէն մէկուն մէջ գրած էր, որ Թուրքիոյ յատուկ ջոկատային ուժերու նախկին գնդապետներէն մէկը 2016 թուականին Փայլանի սպանութեան ծրագիր ունեցած է, որ, սակայն, չէ իրագործուած: Հայազգի պատգամաւորը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Անգարայի Գլխաւոր Դատախազութիւն, բայց պատկան մարմինները դեռ ընթացք չեն տուած գործին:

Փայլանի հաղորդումէն յետոյ Ինճեն հերթական հրապարակումը կատարած է Թուիթըրին մէջ`գրելով, որ «պատգամաւորը մէճլիսին մէջ երկու անգամ թիրախին եղած է, սակայն հրաժարած են սպաննելէ զայն, որպէսզի հերոս չդառնայ»: Փայլանին աջակցող յայտարարութիւնը ստորագրած 424 հոգին, այդ շարքին` գրողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական գործիչներ, իշխանութիւններուն կոչ ըրած են գործի անցնելու «խորքային պետութեան եւ մաֆիայի ուժերու դէմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment