Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախը Հայաստանին Կապող Նոր Երթուղին Պիտի Ունենայ Միջանցքի Իրաւական Կարգավիճակ

Արցախը Հայաստանին Կապող Նոր Երթուղին Պիտի Ունենայ Միջանցքի Իրաւական Կարգավիճակ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական հինգ խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ:

Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի` վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը եղած է, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի հերթական խախտումն ու անվտանգային հարցերը:

Հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներուն կողմէ տրուած են պարզաբանումներ: Մասնաւորապէս յղում կատարելով 9 Նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան` նշուած է, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլր անվտանգային բաղադրիչները` սկսած 5 քիլոմեթրնոց անվտանգային գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայում:

Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմը նշած է, որ օգոստոսեան դէպքերուն հետ կապուած կատարած են անհրաժեշտ եզրահանգումներ, միաժամանակ վստահեցուցած են, որ լրացուցիչ ջանքեր պիտի գործադրեն` ապագային նմանօրինակ խախտումները կանխելու եւ մեր բնակչութեան պատշաճ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment