Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Երեք Նոր Անցակէտերու Նախագիծը Պատրաստ Է

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Երեք Նոր Անցակէտերու Նախագիծը Պատրաստ Է

by MassisPost

Շրջանառութեան մէջ  դրուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին երեք նոր անցակէտեր դնելու ծրագիրը. «Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքէն դէպի պետական սահմանի M11 մայրուղի, ատրպէյճանական կողմէն դէպի Քելբաջար, Արարատի մարզի Երասխ համայնքին մէջ` դէպի Սադարակ, Սիւնիքի Քարահունջ համայնքէն մօտ 7,5 քմ հարաւ` M2 մայրուղիին վրայ, դէպի Ղուբաթլու», e-draft.am-ին մէջ նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  յանձնարարած էր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնին եւ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահին` ապահովել ատրպէյճանական կողմի անարգել անցումը Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան` ընդգծելով, որ այդ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով:

Փաշինեանի յայտարարութենէն երկու շաբաթ անց նախագիծը արդէն իրաւական ակտերու նախագիծերու միասնական կայքին մէջ շրջանառութեան մէջ է: Բոլոր երեքն ալ մայրուղիի անցակէտեր պիտի ըլլան:

Եթէ որոշումը կառավարութեան նիսին ընդունուի, ԱԱԾ տնօրէնն ալ պէտք է երկու շաբթուան մէջ ապահովէ իրաւական ակտի ընդունումը, որ պիտի երաշխաւորէ այս նոր անցակէտերով մարդոց, բեռերու եւ փոխադրութեան միջոցներու տեղաշարժին հետ կապուած անվտանգութիւնը: Բայց թէ մաքսային ի՞նչ կարգաւորումներ պիտի գործեն, նախագիծը չի յստակացներ:

Ճանապարհային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման եռակողմ` հայ-ատրպէյճանա-ռուսական յանձնաժողովը որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն չէ ըրած, թէ վերջնական համաձայնութեան եկած են ճանապարհներու բացման հարցով:

Պաշտօնական Երեւանն ալ դեռ նախաձեռնութեան վերաբերեալ պատասխաններ չի տար:

Հայաստանը կը փորձէ փրոաքթիվութիւն ցուցաբերել` չէզոքացնելու «Զանգեզուրի միջանցքը» բանալու մասին պնդումները, կը կարծէ ռազմաքաղաքական հարցերով փորձագէտ Արեգ Քոչինեանը:

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան վերջին կէտին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանը կ’երաշխաւորէ ճանապարհային հաղորդակցութեան կապերու անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ` քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու համար: Ատրպէյճանական կողմէն կը պնդեն, որ անխոչընդոտ տեղաշարժ կը նշանակէ, որ հայկական կողմը պէտք չէ որեւէ վերահսկողութիւն իրականացնէ:

Մօտ մէկուկէս ամիս առաջ «Ազատութեան» յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճան-Նախիջեւան ճանապարհին շուրջ կողմերը մօտ են հետեւեալ պայմանաւորուածութեան` նախ ռուսական սահմանապահ ծառայութիւնը պիտի ստուգէ Հայաստանի տարածք մտնող ատրպէյճանական բեռերն ու ուղեւորները, յետոյ` հայաստանեան Մաքսային Ծառայութիւնը, այնուհետեւ անցումը պիտի իրականացուի հայաստանեան յատուկ պահակախումբին ուղեկցութեամբ, որու կազմին մէջ պիտի ըլլայ ռուս առնուազն մէկ սպայ: Թէեւ այս մասին հրապարակումներ եղած էին նաեւ այլ լրատուամիջոցներու մէջ, սակայն պաշտօնական աղբիւրները մինչ այս այդ տեղեկութիւնը ոչ հաստատած են, ոչ ալ հերքած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment