Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կիւմրիի Մէջ «Ահաբեկչութեան Մասին Սուտ Տեղեկութիւն Յայտնած Անձը Կալանաւորուած Է»

Կիւմրիի Մէջ «Ահաբեկչութեան Մասին Սուտ Տեղեկութիւն Յայտնած Անձը Կալանաւորուած Է»

by MassisPost

Կալանաւորուած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Շիրակի վարչութեան շէնքերը պայթեցնելու մասին կեղծ տեղեկութիւններ յայտնած անձը, կը փոխանցէ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Կալանաւորուածը Կիւմրիի բնակիչ է (Ջ.Ս):

Օգոստոս 15-ին տուեալ անձը երեք անգամ զանգահարած է Ոստիկանութիւն ու 911 եւ տեղեկացուցած, որ 25 վայրկեանի ընթացին կը պատրաստուի պայթեցնելու Ազգային Ժողովի շէնքը, պիտի պայթեցնէ նաեւ Ազգային Տեսչութիւնը եւ Հարկայինի շէնքը, կը յայտնէ Դատախազութիւնը:

Յաջորդ օրը, ըստ գերատեսչութեան, նոյն անձը զանգահարած եւ տեղեկացուցած է, որ 5 «էքուատիթ» տեղադրած է Հարկայինին մօտ եւ եթէ 20 վայրպեանի մէջ իրեն չմօտենան, ինքզինք շէնքին հետ միասին պիտի պայթեցնէ:

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի Շիրակի Վարչութեան աշխատակիցները տարհանուած են, կատարուած են ստուգումներ, պարզուած է, որ տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դէպքերուն առնչութեամբ նախաձեռնուած են քրէական վարոյթներ, որոնք միացուածլ են, իսկ Ջ.Ս.-ի նկատմամբ յարուցուած է քրէական հետապնդում` ահաբեկչութեան մասին սուտ տեղեկութիւն յայտնելու համար:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը խստօրէն կը զգուշացնէ` «զերծ մնալ ահաբեկչութեան մասին սուտ տեղեկութիւններ յայտնելու փորձերից, որոնք ժամանակաւորապէս կազմալուծում են որոշ հաստատութիւնների բնականոն աշխատանքը, ստեղծում հասարակական միջավայրում վախի, խուճապի տրամադրութիւններ, խաթարում հասարակական կեանքի կենսագործունէութիւնը:

«Բոլոր նման դրսեւորումները, լինելով քրէօրէն պատժելի, ենթարկուելու են մանրակրկիտ քննութեան», կը յայտնէ Դատախազութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment