Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութի Պայթումէն Յետոյ Յանձնարարած Էի Հաւաքել Տեղեկութիւն Պայթիւնավտանգ Կէտերու Մասին. Վարչապետ Փաշինեան

Պէյրութի Պայթումէն Յետոյ Յանձնարարած Էի Հաւաքել Տեղեկութիւն Պայթիւնավտանգ Կէտերու Մասին. Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

2020 թուականի Օգոստոսին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն յետոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համապատասխան գերատեսչութիւններուն յանձնարարած է հաւաքել տեղեկատուութիւն բոլոր հնարաւոր այն կէտերուն մասին, որոնք ունին պայթիւնավտանգ նիւթեր: Կառավարութեան նիստին ժամանակ վարչապետը ըսաւ, որ ինք փորձած է հաշուետուութիւն ստանալ տրուած յանձնարարականի կատարման վերաբերեալ:

«Տեղեկատուութիւնը ամփոփւում է: Նաեւ պէտք է յանձնարարեմ Պետական Վերահսկողական Ծառայութիւնը ճշգրիտ իրականացնի ուսումնասիրութիւն եւ զեկուցի, թէ իմ յանձնարարականը ինչպէս է կատարուել», ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեանի խօսքով` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ համապատասխան տեսչական մարմինը 2021 թուականի գարնան կատարած է ստուգումներ եւ արձանագրած է խախտումներ:

«Այս տեղեկութիւնը յայտնի է, բայց ամէն դէպքում ինձ անհրաժեշտ է խորքային ուսումնասիրութիւն, թէ բովանդակային առումով ինչպէս է կատարուել յանձնարարականը: Այդ յանձնարարականը ժամկէտով ռահմանափակուած չի եղել: Պէյրութի պայթումից յետոյ խնդիր է դրուել միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի Հայաստանում նմանատիպ իրադարձութիւն տեղի չունենայ», ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեանը, անդրադառնալով «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի պատճառներուն ու հնարաւոր վարկածներուն, նկատեց. «Ես էսպէս եմ հասկանում, նաեւ դէպքի վայրից առկայ տեսագրութիւնների ուսումնասիրութիւններով. քանի դեռ քրէական գործով արդիւնքներ չունենք, այսինքն` աւարտուած չէ քննութիւնը, ամենավերջնական եզրակացութիւն պէտք չի անել: Բայց ես հասկանում եմ նաեւ, որ տեսագրութիւններից պարզ է դառնում, որ այդտեղ ահաբեկչական որեւէ գործողութեան տրամաբանութիւնը ըստ էութեան բացառւում է. ինչո՞ւ, որովհետեւ տեսնում ենք, որ ծուխ կայ, փախնող մարդիկ կան, որից յետոյ տեղի է ունեցել պայթում: Նաեւ տեսանելի տեղեկութիւնը, որ մենք ունենք, գրեթէ բացառում է այդ հանգամանքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment