Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտերկրէն Դրամական Փոխանցումներու Մրցանշային Աճ Արձանագրուած Է

Արտերկրէն Դրամական Փոխանցումներու Մրցանշային Աճ Արձանագրուած Է

by MassisPost

Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ արձանագրուած երկնիշ տնտեսական աշխուժութեան լոյսի տակ, արտերկրէն հոսող դրամական փոխանցումները մրցանշային աճ արձանագրած են:

Կեդրոնական դրամատան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին հինգ ամիսներուն արտերկրէն հայաստանեան դրամատուներու միջոցով քաղաքացիները ստացած են 1 միլիառ 272 միլիոն տոլար: Սա ամէնէն բարձր ցուցանիշն է 2004 թուականէն ի վեր, երբ գլխաւոր դրամատունը սկսած է հրապարակել այս տուեալը:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճը կազմած է 70 տոկոս:

Այդ գումարին կէսէն աւելին` 53 տոկոսը Ռուսիայէն է, մօտաւորապէս 20 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներէն:

Ազգային Ժողովի Ֆինանսավարկային եւ Պիւտճէտային Հարցերու մշտական յանձնաժողովի իշխանական նախագահ Գէորգ Պապոյեան հետեւեալ բացատրութիւնը ունի` դրամագլուխը կը հոսի այնտեղ, ուր իրեն լաւ կը զգայ:

«Մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ վերջին տարիների տնտեսութեան ազատականացումը բերել է նրան, որ ընդհանրապէս դրամը հոսում է այնտեղ, որտեղ իր համար ամենալաւ պայմաններն են: Եւ մենք մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը ներդրումների ներգրաւման, ներդրողների իրաւունքների պաշտպանութեան, ֆինանսական շուկաների կայունութեան, մրցակցութեան եւ մրցունակութեան ապահովման տեսանկիւնից յաջողել ենք ու ճիշդ քաղաքականութիւն ենք վարել, որի արդիւնքում այդ ներհոսքը տեղի է ունենում եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգանում է», ըսաւ Պապոյեան:

Խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեանի համոզմամբ, հանրապետութիւն դրամական միջոցներու հոսքին պատճառը ամենեւին ալ իշխանութիւններու քաղաքականութեան արդիւնքը չէ, այլ՝ ռուս-ուքրանական պատերազմը եւ արեւմտեան երկիրներուն կողմէ Մոսկուայի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment