Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Տեղեկութիւն Ստանալու Եւ Տարածելու Իրաւունքի Խախտումները Նուազած Են. ԽԱՊԿ Զեկոյց

Տեղեկութիւն Ստանալու Եւ Տարածելու Իրաւունքի Խախտումները Նուազած Են. ԽԱՊԿ Զեկոյց

by MassisPost

Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէի (ԽԱՊԿ) զեկոյցին համաձայն` 2022 թուականի երկրորդ եռամսեակին Հայաստանի մէջ նկատելի նուազած են տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի խախտումները: ԽԱՊԿ-ի նախագահ Աշոտ Մելիքեան նշեց, որ եթէ 2022 թուականի առաջին եռամսեակին արձանագրուած էր նման 45 դէպք, ապա ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին եղած է 24:

«Գալիս է մի ժամանակահատուած, երբ լրատուամիջոցներն աւելի շատ զբաղուած են զուտ քաղաքական զարգացումներով: Ինչպէս գիտէք, Ապրիլ-Յունիս ընկած ժամանակահատուածում քաղաքական զարգացումները հիմնականում փողոցում էին ծաւալւում, արտաքին քաղաքական գործընթացներ կային, ու լրատուամիջոցները դրանց վրայ էին կեդրոնացած: Կարծում եմ, որ այդ ժամանակահատուածում պետական կառոյցներին ուղղուած հարցումների ծաւալն այդքան շատ չի եղել, պակասել է», ըսաւ Աշոտ Մելիքեան:

Այնուամենայնիւ, Աշոտ Մելիքեան նկատեց, որ պետական մարմիններէն տեղեկութիւն ստանալը կը շարունակէ մնալ բարդ: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն այդ առնչութեամբ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ տեղեկութիւն չտրամադրելու հիմնաւորումները խնդրայարոյց են: Շատ յաճախ պետական կառոյցները կը խուսափին համարժէք, պատշաճ արձագանգ տալէ:

«Էլ չեմ ասում «լղոզուած» պատասխանների մասին: Այս առումով կարեւոր էր, որ խորհրդարանն ընդունեց տեղեկատուութեան ազատութեան մասին օրէնքում փոփոխութիւնները, ըստ որի, պատասխանատուները, որոնք անհիմն մերժում են ու չեն տրամադրում հրապարակման ենթակայ տեղեկութիւնը, կ’ենթարկուեն առաւել խիստ պատասխանատուութեան: Այսինքն` վարչական տուժի չափն աւելացուել է», ըսաւ Աշոտ Մելիքեանը:

Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէի նախագահը նշեց, որ լրատուամիջոցները, մերժում ստանալէ յետոյ, հիմնականին մէջ չեն դիմեր դատարան: Անոնք կը խուսափին դատական քաշքշուքներէ: Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին արձանագրուած 24 դէպքէն միայն մէկ լրատուամիջոց դիմած է դատարան:

Ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին, առաջին եռամսեակին համեմատ, գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ մնացած լրատուամիջոցներուն եւ անոնց աշխատակիցներուն նկատմամբ ճնշումներու ցուցանիշերը: Առաջին եռամսեակին 12 դէպք արձանագրուած է, երկրորդ եռամսեակին` 11: Փոխարէնը, մտահոգիչ ցուցանիշ արձանագրուած է լրագրողներու նկատմամբ ֆիզիքական բռնութիւն կիրառելու առումով: Եթէ ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին այդպիսի մէկ դէպք արձանագրուած էր, ապա երկրորդ եռամսեակին` 11 դէպք` 12 տուժածով:

«Արձանագրում ենք, երբ երկրում լարւում է հասարակական, քաղաքական իրավիճակն, ապա աւելանում է յարձակումների թիւը լրագրողների վրայ: Յիշում ենք, որ նախորդ ամիսները բաւական լարուած էին, ընդդիմութիւնն անհնազանդութեան գործողութիւններ էր կազմակերպում: Մեր կողմից գրանցած 11 դէպքից 10-ը հէնց այդ գործողութիւնների ժամանակ են գրանցուել: Տուժել են ե՛ւ լրագրողները, ե՛ւ նկարողները», ըսաւ Աշոտ Մելիքեանը:

Անդրադառնալով լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու դէմ ներկայացուած դատական գործերու վիճակագրութեան` Աշոտ Մելիքեան նշեց, որ ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան հիմքով 8 դատական գործ արձանագրուած է, առաջին եռամսեակին` 7:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment