Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Պատմական Հնարաւորութիւն Կայ. Պլինքըն

Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Պատմական Հնարաւորութիւն Կայ. Պլինքըն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետին ու Ատրպէյճանի նախագահին հետ` նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ:

Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի, թէ՛ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցներուն ընթացքին Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը առաջարկած է հայ-ատրպէյճանական հաղորդակցական ուղիներու վերաբացման գործին: Ողջունած է Թիֆլիսիի մէջ վերջերս կայացած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը:

Փաշինեանի հետ զրոյցէն յետոյ Պետական Քարտուղութեան խօսնակ Նետ Փրայս նաեւ յայտնած է. «Պլինքըն նաեւ վերահաստատեց աջակցութիւնը Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ընթացող արդիւնաւէտ քննարկումներուն եւ նշեց, որ 1994-էն Միացեալ նահանգները եղած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ եւ պատրաստ է տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու հարցով օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին` ներգրաւուելով երկկողմ ձեւաչափով եւ նոյնկերպ մտածող գործընկերներու հետ»:

Վարչապետ Փաշինեանի հետ զրոյցին Պլինքըն նաեւ ողջունած է զայն` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռք բերուած յստակ համաձայնութիւններու առիթով, իսկ Ատրպէյճանի նախագահին կոչ ըրած է ազատ արձակելու «բոլոր մնացեալ հայ ձերբակալուածները»:

Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրուածութիւնը:

Ատրպէյճանի նախագահի լրատուական ծառայութեան փոխանցմամբ, Թիֆլիսիի մէջ կայացած հանդիպումը Ալիեւ բնորոշած է որպէս հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու առաջին քայլ, եւ որ Պաքուն արդէն իսկ ձեւաւորած է պայմանագրի նախապատրաստման համար անհրաժեշտ համապատասխան յանձնաժողովը եւ կ’ակնկալէ, որ նոյնը կ’ընէ Երեւանը:

ՀՀ վարչապետն ու ԱՄՆ պետական քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակի շփումներուն համար եւ պայմանաւորուած են շարունակել երկխօսութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment