Հայ-թրքական ցամաքային սահմանը այլ երկիրներու քաղաքացիներու համար բանալու շուրջ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէն մօտ մէկ ամիս անց Թուրքիոյ բանագնացը ժամանած է սահմանամերձ շրջաններ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճ Հայաստանի հետ սահման այցելած է նախօրէին: Կարսի մէջ լոյս տեսնող «Gazete Kars» պարբերականին տեղեկութիւններով` Քըլըճ նախ ժամանած է Կարս, ուր այցելած է Ռազմական պատմութեան թանգարան: Դիւանագէտը ապա ուղեւորուած է հայ-թրքական սահման` այցելելով Անիի աւերակները եւ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող «Տողուքափը» անցակէտ:
Թրքական թերթին մէջ հրապարակուած լուսանկարներէն կարելի է ենթադրել , որ այցելութեան ընթացքին Քըլըճ հանդիպած է նաեւ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու հետ:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներու վերջին հանդիպման ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած են բանալ ցամաքային սահմանը այլ երկիրներու քաղաքացիներու համար, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն տալ երկու երկիրներու միջեւ իրականացնելու ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներ: Կողմերը չեն պարզաբանած պայմանաւորուածութիւններու կատարման համար նշուող ամենասեղմ ժամկէտները, եւ թէ ինչու սահմանը կը բացուի միայն երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջնորդները միայն յոյս յայտնած են, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի կը կոչուին: Այս մասին կ’ըսուի Վիեննայի հանդիպման յաջորդած` Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցին վերաբերեալ կողմերուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ: