Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տարուան Առաջին Կիսամեակին Աճած Է 11.8 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տարուան Առաջին Կիսամեակին Աճած Է 11.8 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Յունիսին 11.8 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Յունիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած է 5.8 տոկոսով:

Գիւղատնտեսական համախառն ներքին արտադրանքի ծաւալը այս տարուան առաջին 6 ամսուան մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ նուազած է 5.5 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը 2022-ի Յունուար-Յունիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 12.7 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ 2022-ի առաջին 6 ամսուան մէջ 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցումը կազմած է 10.7 տոկոս:

Հայաստանի մէջ այս տարուան Յունուար-Յունիսին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 26.9 տոկոսով:

2022 թուականի Յունուար-Յունիսին սպառողական գիներու ցուցակը 2021-ի Յունուար-Յունիսի համեմատ աճած է 8.1 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակը` 7.8 տոկոսով: Ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը Յունուար-Յունիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 14.8 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ այս տարուան առաջին 6 ամսուան մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրուած է 44 տոկոս աճ: Ընդ որում` 2022 թուականի Յունուար-Յունիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ արտահանումը աճած է 36.3 տոկոսով, իսկ ներմուծումը` 48.7 տոկոսով:

Դրամին փոխարժէքը տոլարի նկատմամբ Յունուար-Յունիս ամիսներուն կազմած է 468.24:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment