Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Կը Կարեւորէ Հայ Գերիներու Վերադարձին Ապահովումը Եւ Պիտի Շարունակէ Ջանքերը Այդ Ուղղութեամբ. Տէյվիտ Մքալիսթերը` Նիկոլ Փաշինեանին

Եւրոխորհրդարանը Կը Կարեւորէ Հայ Գերիներու Վերադարձին Ապահովումը Եւ Պիտի Շարունակէ Ջանքերը Այդ Ուղղութեամբ. Տէյվիտ Մքալիսթերը` Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերով Կոմիտէի (AFET) նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը կարեւորած է Եւրոպական Խորհրդարանին հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ նշած, որ Եւրոպական Միութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգի արդիւնաւէտ իրականացման կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկը:

Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է Արեւելեան Գործընկերութեան շրջանակին մէջ փոխգործակցութիւնը եւ նշած, որ Հայաստանը փտածութեան դէմ պայքարի, խօսքի ազատութեան, ընտրական բարեփոխումներու եւ այլ ուղղութիւներով Արեւելեան Գործընկերութեան շրջանակին մէջ կը զբաղեցնէ առաջատար դիրքեր:

Տէյվիտ Մքալիսթեր շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած՝ հայ խորհրդարանականներու հետ արդիւնաւէտ ու սերտ համագործակցութեան փաստը: Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերով Կոմիտէի նախագահը ողջունած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումները` յաւելելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը ՀՀ կառավարութեան այդ ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հնարաւորութիւններուն: Վարչապետ Փաշինեան մանրամասն ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումները վերոնշեալ ուղղութեամբ եւ պատասխանած է ԵԽ պատուիրակութեան հարցումներուն:

Զրուցակիցները կարեւորած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը, այդ ուղղութեամբ երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդիրին, որուն առնչութեամբ Տէյվիտ Մքալիսթերը նշած է, որ Եւրոպական Խորհրդարանը եւս կը կարեւորէ Ատրպէյճանի կողմէ անոնց վերադարձին ապահովումը եւ պիտի շարունակէ ջանքերը այդ ուղղութեամբ:

Քննարկուած են նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տէյվիտ Մքալիսթեր շեշտած են ԼՂ հակամարտութեան գօտի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան մուտքի ապահովման անհրաժեշտութիւնը ու այդ նպատակով հետեւողական աշխատանքի իրականացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment