Ատրպէյճանը եւ Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի մէջ «ռազմավարական ուժանիւթային համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են: Փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վօն տեր Լայենը:
«Սա ԵՄ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած արդէն երրորդ նմանատիպ փաստաթուղթն է: Նախորդները արդէն իսկ փոխած են Եւրոպայի ուժանիւթային քարտէզը», յայտնած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի ղեկավարին խօսքով` այս ստորագրուած փաստաթուղթը իր բնոյթով «հետագայ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզ կը հանդիսանայ»: