Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտադրիչ Արմէն Գրիգորեան Յանկարծամահ Եղած Է Դատարանի Դահլիճին Մէջ

Արտադրիչ Արմէն Գրիգորեան Յանկարծամահ Եղած Է Դատարանի Դահլիճին Մէջ

by MassisPost

Այսօր դատական նիստի ընթացքին «Ուրախներու եւ հնարամիտներու ակումբ»ի նախկին անդամ, արտադրիչ Արմէն Գրիգորեան ուշագնաց եղած է: Դատարանի դահլիճին մէջ գտնուող կարգադրիչներն ու նիստի մասնակիցները փորձած են անոր առաջին օգնութիւն ցոյց տալ:

Տեղ հասած շտապօգնութեան աշխատակիցները հաստատած են, որ Գրիգորեան յանկարծամահ եղած է, կ’ըսէ շտապօգնութեան տնօրէն Թագուհի Ստեփանեանը. «Ուշագնացութեան կանչ ենք ստացել Կեդրոն դատարանից, նախապէս չեն նշել ուղղակի, որ հիւանդ կայ ուշագնաց: Մեր մեքենան գնացել է, հասել է ճիշդ ժամանակին` 9 րոպէում, եւ տեսել են, որ ուշագնացութեան պատճառով վիճակը բաւականին ծանր է, եւ վերակենդանացման միջոցառումներն իրականացուել են, սակայն ապարդիւն»:

Թէ ի՞նչը եղած է Գրիգորեանի մահուան պատճառը, դեռ յայտնի չէ: Ըստ Թագուհի Ստեփանեանի` այդ դատաբժշկական քննութիւնը կրնայ պարզել:

«Դա արդէն դատաբժշկական քննութիւնը, փորձագէտները երբ որ կատարեն, իրենք յստակ կ’ասեն պատճառը: Միայն կարող ենք մտածել, բայց դա ճիշդ չէ, պէտք է անպայման մասնագէտն ասի` ինչն է խնդիր եղել, որ յանկարծամահութիւն է տեղի ունեցել», նշեց ան:

Արդեօք Գրիգորեանը առողջական խնդիրներ ունեցած է, թէ ոչ, անոր փաստաբաններէն կարելի չէ եղած պարզել, անոնք մերժած են մեկնաբանել:

Դատարանը այսօր պիտի քննէր Ամէն Գրիգորեանի կալանքի փոփոխման հարցը, ան շուրջ երկու ամիս է կալանաւորուած էր:

Գրիգորեանը մեղադրեալ էր ազգային արժանապատուութիւնը հրապարակայնօրէն նուաստացնելու դէպքի առիթով յարուցուած քրէական գործով:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը աւելի վաղ տեսանիւթ հրապարակած էր` պնդելով, որ Գրիգորեանը հրապարակայնօրէն նուաստացուցած է Շիրակի եւ Արարատեան դաշտի բնակչութեան ազգային արժանապատուութիւնը:

Գրիգորեանի մահուան դէպքին անդրադարձած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Քրիսթինէ Գրիգորեանը գրած է. «Ծայրայեղ անընդունելի եւ մտահոգիչ է, որ նախնական կալանքի պայմաններում անձի նկատմամբ պահման վայրում չի երաշխաւորւում առողջութեան պահպանման իրաւունքը, պատշաճ չեն բացայայտւում եւ հասցէագրւում առողջական խնդիրները, ինչը յանգեցնում է նման ողբերգական հետեւանքի»:

Պաշտպանը նաեւ յայտնած է, որ պարզաբանումներ պահանջած է Դատախազութենէն եւ Արդարադատութեան Նախարարութենէն Արմէն Գրիգորեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւններու, անոնց բուժման նպատակով ձեռնարկուած միջոցներուն եւ մահուան յանգեցուցած միւս հնարաւոր հանգամանքներուն վերաբերեալ:

«Հետեւողական եմ լինելու մեղաւորներին պատասխանատուութեան կանչելու հարցում», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment