Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանն Ու «Ռոսաթոմ»-ի Գլխաւոր Տնօրէնը Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Նոր Աթոմային Ելեկտրակայանի Կառուցման Հնարաւորութիւնները

Նիկոլ Փաշինեանն Ու «Ռոսաթոմ»-ի Գլխաւոր Տնօրէնը Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Նոր Աթոմային Ելեկտրակայանի Կառուցման Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Ռոսաթոմ» ընկերակցութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչովը:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ուժանիւթի ոլորտին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը  ունի հարուստ օրակարգ, իսկ «Ռոսաթոմ»-ը աթոմային ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ՀՀ կառավարութեան հիմնական գործընկերն է:

Գործադիրի ղեկավարը բարձր գնահատած է ընկերակցութեան դերը աթոմակայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտի երկարաձգման գործին մէջ եւ վստահութիւն յայտնած է, որ փոխգործակցութիւնը յառաջիկային եւս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Ալեքսէյ Լիխաչովը շնորհակալութիւն յայտնած է սերտ համագործակցութեան համար եւ նշած, որ «Ռոսաթոմ» ընկերակցութիւնը շահագրգիռ է յառաջիկայ տարիներուն եւս արդիւնաւէտ համագործակցելու ՀՀ կառավարութեան հետ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են աթոմակայանի երկրորդ պլոքի հետագայ շահագործման, Հայաստանի մէջ նոր աթոմային ելեկտրակայանի կառուցման հնարաւորութիւններուն, աթոմային ուժանիւթի զարգացման, ինչպէս նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment