Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Ամերիկացի Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ Տեղի Կ’ունենայ Ամերիկացի Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր

by MassisPost

Ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով 2022 թուականի Յուլիս 9-17 կը կազմակերպէ ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր:

Դասընթացքը, որ տեղի կ’ունենայ Յուլիս 10-15 Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ դասախօսութիւն-գործնական պարապմունք ձեւաչափով, մասնակիցներուն պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերա-հոգեբանական դիտանկիւնները, միաժամանակ ցոյց տալով այդ յանցագործութեան, անոր անպատժելիութեան ունեցած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս քաղաքական, տնտեսական իրադրութեան վրայ: Առանձին դասաժամ յատկացուած է Արցախեան հիմնահարցին: Ծրագիրը կը ներառէ յատուկ մշակութային մաս, որը պիտի նպաստէ ուսուցիչներու շրջանակին մէջ հայերու, հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի վերաբերեալ ընդհանուր ճանաչողութեան բարձրացման:

«Այս տարի ծրագրին պիտի մասնակցին 15 ուսուցիչներ` ԱՄՆ 15 տարբեր նահանգներէ: Անոնց մեծ մասը ունի մարդասիրական ոլորտին մէջ դասաւանդելու 20 եւ աւելի տարիներու փորձ, ոմանք խմբագրած կամ մասնակցած են ցեղասպանութեան մասին ժողովածուներու հրատարակման, տարբեր թանգարաններու կրթական ծրագրերու մշակման», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ծրագրին շնորհիւ մասնակիցները, ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման մեթոտներուն, շեշտադրումներուն, GenEd կազմակերպութեան աջակցութեամբ պիտի կազմակերպեն վերապատրաստման նման ծրագրեր եւ գործնական պարապմունքներ իրենց նահանգներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment