Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Սպանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները Առանձնազրոյց Ունեցած Են

Հայաստանի Եւ Սպանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարները Առանձնազրոյց Ունեցած Են

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Սպանիա գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց ունեցած է Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես Պուենոյի հետ:

Աւելի առաջ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յայտնած էին, որ Յուլիս 5-7-ին Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով պիտի ըլլայ Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ: Այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են նախարար Միրզոյեանի հանդիպումները Պատգամաւորների Գոնկրէսի նախագահ Մերիչել Պաթեթի, արտաքին գործերու նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես Պուենոյի, ՄԱԿ Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Զուրապ Փոլօլիքաշվիլիի հետ:

Նախարար Արարատ Միրզոյեան մամուլի համար յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես Պուենոյի հետ հանդիպման արդիւնքներով` նշելով, որ հայկական առաջին արբանեակի արձակումը տիեզերք հայկական պետական «Կէոքոսմոս» եւ սպանական «Սաթլանթիս» ընկերութիւններու  առաջին յաջողած եւ ոչ-վերջին համատեղ աշխատանքի գերազանց արդիւնք է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment