Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ներդրումային Միջավայրը Կրնայ Հետաքրքրել Գերմանական Առեւտուրին. Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Նախարար Շուլցէն

ՀՀ Ներդրումային Միջավայրը Կրնայ Հետաքրքրել Գերմանական Առեւտուրին. Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Նախարար Շուլցէն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման դաշնային նախարար Սուենիա Շուլցէն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ընդգծած է Հայաստան-Գերմանիա քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը եւ կարեւորած է Գերմանիոյ կառավարական պատուիրակութեան այցը մեր երկիր: «Գերմանիան ԵՄ երկրների շարքում Հայաստանի խոշորագոյն առեւտրատնտեսական գործընկերն է, եւ մենք նաեւ բարձր ենք գնահատում Գերմանիայի օժանդակութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին, փորձի փոխանակումը: Շահագրգռուած ենք մեր արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակականութեամբ եւ ընդլայնմամբ», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Գերմանիոյ դաշնային նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած են սերտ յարաբերութիւններ, այդ շարքին` ԵՄ Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի շրջանակին մէջ: Սուենիա Շուլցէն Գերմանիոյ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է` շարունակելու, զարգացնելու Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործընկերութիւնը եւ համատեղ ծրագրերը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը յանձնառու է շարունակելու ժողովրդավարական ուղին եւ կարեւորած է Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագիրը, որուն շրջանակին մէջ ՀՀ-ն յառաջընթաց արձանագրած է շարք մը չափանիշերով: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է կառավարութեան բարեփոխումները կրթութեան, արդարադատութեան, ոստիկանութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Զրուցակիցները արձանագրած են, որ Հայաստանն ու Գերմանիան ունին տարբեր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները զարգացնելու ներուժ եւ այդ օրակարգը յառաջ մղելու կամք: Քննարկուած են գիւղատնտեսութեան, սնունդի անվտանգութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, կրթութեան,  զբօսաշրջութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան խորացման հարցեր: Երկուստեք կարեւորուած են կանանց տնտեսական եւ հասարակական աշխուժութիւնը խթանող նախաձեռնութիւնները:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ 2022 թուականի Յունուարէն սկսեալ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան բարձր ցուցանիշ կ’արձանագրուի, եւ մեր երկրի ներդրումային միջավայրը, շարունակաբար բարելաւուող պայմանները կրնան հետաքրքրական ըլլալ գերմանական առեւտուրին համար, ինչին Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման դաշնային նախարարը դրական արձագանգած է: Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) եւ Վերակառուցման վարկերու դրամատան (KfW) փոխգործակցութեան համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment