Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Յատկացումներու Օրինագիծը Կը Ներառէ Օգնութիւն Հայաստանին Եւ Արցախին

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Յատկացումներու Օրինագիծը Կը Ներառէ Օգնութիւն Հայաստանին Եւ Արցախին

by MassisPost

2023-ի ֆինանսական տարուայ Պետական, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագրերու Ներկայացուցիչներու Պալատի յատկացումներու օրինագիծը կը ներառէ մարդասիրական օգնութիւն Հայաստանին` 60 միլիոն տոլարի չափով եւ 2 միլիոն տոլար` Արցախի համար:

Յանձնաժողովի առաջարկը կը ներառէ ոչ-պակաս քան 60.000.000 տոլար Հայաստանին` տնտեսական զարգացման, մասնաւոր հատուածի արտադրողականութեան, ուժանիւթային անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան եւ այլ նպատակներու համար:

Բացի այդ, յանձնաժողովի առաջարկը կը ներառէ նաեւ ոչ-պակաս քան 2.000.000 տոլար` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն համար… (եւ) մտահոգուած կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան մարդասիրական ազդեցութեամբ եւ անկէ բխող մարտահրաւէրներով` բնակարանային, պարէնային անվտանգութեան, ջուրի եւ սանիտարական պայմաններու, առողջապահական եւ այլ մարդկային կարիքներու ոլորտներուն մէջ:

Ի յաւելումն Թուրքիոյ նախագահական պաշտպանութեան վարչութեան ապրանքներու վաճառքը արգիլելուն, օրինագիծը կը ներառէ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ Աջակցութեան վճիռի 907 Բանաձեւի մասին հատուած մը: Սենատի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտէզը (Դեմոկրատ, Նիւ Ճըրսի), ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու Պալատի Հետախուզութեան Յանձնաժողովի նախագահ Ատամ Շիֆը (Դեմոկրատ, Գալիֆորնիա), երկուքն ալ իրենց խիստ մտահոգութիւնը յայտնած են 907 Բանաձեւի կասեցման վերաբերեալ, որ վարչակազմը կասեցուց անցեալ շաբաթ:

Յանձնաժողովի նախագահ Մենենտէզը յայտնեց, որ «անիմաստ է ըսել, որ ԱՄՆ-ի օգնութիւնն ու վերապատրաստումը չեն ազդած Հայաստանի հետ իր (Ատրպէյճանի) ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ» եւ այնուհետեւ ընդգծած է, որ ինք «պիտի շարունակէ խստօրէն վերահսկել Ատրպէյճանին տրամադրուող որեւէ օգնութիւն եւ կ’ակնկալէ, որ Պետական Քարտուղարութիւնը գործէ լիարժէք թափանցիկութեամբ եւ տրամադրէ բոլոր անհրաժեշտ մանրամասները, որպէսզի Գոնկրէսը գնահատէ Պաքուին տրամադրուող որեւէ աջակցութիւն»:

Յանձնաժողովի նախագահ Շիֆ մասամբ ըսած է, որ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւն տրամադրելը «կը հակասէ մեր երկրի հիմնական ժողովրդավարական արժէքներուն» եւ «կրնայ Ալիեւի վարչակարգին հնարաւորութիւն տալ` շարունակելու կամ աւելի ուժեղացնելու իր սադրիչ գործողութիւնները հայերուն դէմ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment