Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Մամլոյ Ասուլիսը Պոյքոթողները

Փաշինեանի Մամլոյ Ասուլիսը Պոյքոթողները

by MassisPost

Յունիս 27-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաւիրած էր առցանց ասուլիս պատասխանելու համար լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հարցերուն: Փաշինեան առաջին անգամ չէ որ, երկար տեւողութեամբ ասուլիսով կը ներկայանայ հանրութեան: Ան 3.5 ժամ պատասխանեց մի քանի տասնեակ հարցերու, Հայաստան  եւ ատրպէյճան, Հայաստան եւ թուրքիա յարաբերութիւններէն, մինչեւ կառավարութեան ներքին քաղաքականութեան, դատական համակարգէն ներս բարեփոխումներու դանդաղ ընթացքին, իր ընտանիքի ու քաղաքական շրջապատի հարստացման մասին խօսակցութիւններուն, նախկին իշխանաւորներու ազատութեան մէջ գտնուելուն եւ նաեւ ընդդիմադրութեան վերջին ամիսներու գործունէութեան: Վարչապետը շատ հանգիստ պատասխանեց բոլոր հարցերուն, թէեւ ասուլիսի ձեւաչափը եւ հարցումներու նախապէս ներկայացուած ըլլալը կþարտօնէին զանց ընել «դժուար» հարցերը:

Նախքան ասուլիսի կայացումը տեղեկութիւն տարածուեցաւ, որ շարք մը լրատուամիջոցներ որոշած են պոյքոթել վարչապետի ասուլիսը, պատճառաբանելով թէ իրենց լրագրողները զրկուած են դէմ առ դէմ հարց ուղղելու կարելիութենէն եւ այս ձեւաչափով իրենց հարցումները կրնան անտեսուիլ,  վերաշարադրուիլ եւ կամ  խեղաթիւրուիլ: Այս պատճառաւ ալ առաջին հնչող հարցը եղաւ. «Ինչո՞ւ էք խուսափում լրատուամիջոցների հետ դէմ առ դէմ ասուլիսներից: Ո՞րն է ձեր մտավախութիւնը նախկին գործընկերների հետ ուղիղ շփուելու հարցում»:

Ի պատասխան վարչապետը ըսաւ. «Տարօրինակ է, հեղինակն ասում է՝ ինչու էք խուսափում ուղիղ  հարցից, երբ եթերում հնչում է իր ուղիղ հարցը: Բոյկոտել են այն լրատուամիջոցները, որոնք ներկայացնում են այն քաղաքական շրջանակներին, որոնք վերջին շրջանում բոյկոտային լայն գործունէութիւն են ծաւալել»:

Պէտք է հոս աւելցնել, որ պոյքոթող լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի Ռոբերդ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի ու անոնց շրջապատին կողմէ ֆինանսաւորուող ու կառավարուող մամուլ են, որոնք մոռնալով իրենց բուն առաքելութիւնը, որ է հաւաստի տեղեկութիւն հաղորդել իրենց ընթերցողներուն եւ ունկնդիրներուն, կ՛զբաղին բացայայտ քարոզչութեամբ ու իշխանութիւններուն հանդէպ թշնամական վերաբերմունքով: Այդ լրատուամիջոցները ունին իրաւունքը եւ ազատութիւնը քննադատելու գործող կառավարութեան ու իշխանութիւններուն՝ մեկնելով հսկիչի իրենց դերէն: Սակայն, երբ անոնք կը մտնեն ապատեղեկութիւն տարածողի դերին մէջ ու կը միանան փողոցը հնչող հայհոյանքներուն, հոն է որ անոնք կը կորսնցնեն ազատ մամուլի մասին խօսելու իրաւունքը ու կը դառնան «դեղին մամուլ»: Այս անուանումը միջազգայինօրէն կը տրուի այն թերթերուն, որոնք կը զբաղին սուտ տեղեկութիւններ տարածելով: Իշխանամէտ կողմը եւս ունի իրեն սատարող  ու ի նպաստ քարոզչութիւն ընող լրատուամիջոցներ,  սակայն անոնց մօտ չենք հանդիպիր բացայայտ ապատեղեկատութեան եւ կամ սուտ լուրերու:

«Դէմ առ դէմ» մամլոյ ասուլիս պահանջող լրատուամիջոցներուն պէտք է յիշեցնել, որ Քոչարեանն ու Սարգսեանը իրենց իշխանութեան օրօք ոչ մէկ անգամ մամլոյ բաց ասուլիսով ներկայացած են լրատուամիջոցներուն, բաւարարուելով միայն յատուկ դասաւորուած պայմաններու տակ ու նախապէս համաձայնուած հարցերուն պատասխանելով:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment