Home Uncategorized Արցախը Հայաստանին Կապող Առաջարկուող Նոր Ճանապարհը Շատ Աւելի Անվտանգ Պիտի Ըլլայ. ԱՀ Նախագահ

Արցախը Հայաստանին Կապող Առաջարկուող Նոր Ճանապարհը Շատ Աւելի Անվտանգ Պիտի Ըլլայ. ԱՀ Նախագահ

by MassisPost

«Մենք ունեցել ենք մի քանի առաջարկութիւն կապուած Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի հետ` եւ Ատրպէյճանի կողմից, եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմից. բոլոր առաջարկութիւնները մերժուել են»: Այս մասին Արցախի խորհրդարանին մէջ յայտնեց նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:

Ան նաեւ նշեց, որ ներկայիս առաջարկուող մայրուղին քանի մը անգամ քննարկուած է Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ, որուն մասնակցած են Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը:

«Մենք ընտրել ենք, մեր կարծիքով, լաւագոյն տարբերակը», նշեց Յարութիւնեանը` պարզաբանելով, որ ներկայիս տարբերակին վրայ ընտրութիւնը կանգ առած է անվտանգութեան տեսանկիւնէն:

«Շինարարութիւնը աւարտուելուց յետոյ, մենք հնարաւորութիւն ենք ունենալու մեր գնահատականը տալու դրա որակի եւ անվտանգութեան առումով: Իմ կարծիքով` նոր ճանապարհը շատ աւելի անվտանգ է լինելու` բազմաթիւ անվտանգային խնդիրներ հաշուի առնելով», պարզաբանած է նախագահը` խոստանալով անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն փակ ձեւաչափով անդրադառնալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment