Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔՊ Խմբակցութիւնը Որոշած Է Պաշտօններէն Զրկել Վահէ Յակոբեանը Եւ Իշխան Սաղաթէլեանը

ՔՊ Խմբակցութիւնը Որոշած Է Պաշտօններէն Զրկել Վահէ Յակոբեանը Եւ Իշխան Սաղաթէլեանը

by MassisPost

Յունիս 28-ին, Civic.am-ի հետ զրոյցին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը հաստատեց տեղեկութիւնները, որ իշխող խմբակցութիւնը որոշած է պաշտօններէն զրկել Վահէ Յակոբեանը եւ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը որոշում կայացուցած է Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնէն հեռացնել  ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը ներկայացնող Իշխան Սաղաթէլեանը, իսկ Վահէ Յակոբեանը` հեռացնել Ազգային Ժողովի Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն:

Յիշեցնենք, որ վերջերս աշխուժօրէն կը քննարկուէր նաեւ ընդդիմադիր շարք մը պատգամաւորներ պատգամաւորական մանտաթներէն զրկելու հնարաւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment