Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ժամկէտային Զինուորները Աստիճանաբար Պիտի Հանուին Մարտական Հերթապահութենէն, Անոնց Պիտի Փոխարինեն Պայմանագրայինները

Ժամկէտային Զինուորները Աստիճանաբար Պիտի Հանուին Մարտական Հերթապահութենէն, Անոնց Պիտի Փոխարինեն Պայմանագրայինները

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մեկնարկած է 2022 թուականի ամառնային զօրակոչը: Այդ առիթով ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի անձնակազմի կառավարման գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Սահակ Սահակեանը Պաշտպանութեան Նախարարութեան կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ՀՀ Զինուած Ուժերու ժամկէտային զինուորները աստիճանաբար պիտի հանուին մարտական հերթապահութենէն, եւ առաջնագիծին վրայ անոնց պիտի փոխարինեն պայմանագրային զինուորները:

Գնդապետ Սահակեանի խօսքով` դա ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի եւ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի նպատակներէն մէկն է` որքան հնարաւոր է` առաջնագիծէն հանել ժամկէտային զինուորները եւ անոնց փոխարէն մարտական հերթապահութեան ընդգրկել պայմանագրային զինուորները, եւ այդպիսի նախադէպեր արդէն կայ 3-րդ բանակային զօրամասի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի օրինակով:

Ամառնային զօրակոչի մեկնարկին առիթով, Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, Յունիս 28-ին, կազմակերպած էր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու այցելութիւնը Պաշտպանութեան Նախարարութեան կեդրոնական հաւաքակայան:

Գնդապետ Սահակ Սահակեանը պարզաբանեց, որ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որոշում կայացուած է Արցախի մէջ ծառայութիւնը իրականացնել պայմանագրային զինուորներով` հիմնականին մէջ Արցախի միջոցներով:

«Մեր վերջին զօրակոչը` 2020 թուականի ամրան ժամկէտային զինծառայողների զօրակոչը, կը զօրացրուի Յուլիսի 1-ից մինչեւ Օգոստոսի 30-ը, եւ այլեւս Արցախում չենք ունենայ ժամկէտային զինծառայողներ: Արցախի համար մշակուած է ծառայութեան գրաւչութեան համար լուրջ փաթեթ, ներդրուած է փաթեթը, դրա հիման վրայ, հիմնականում Արցախի աղբիւրից, պայմանագրային զինծառայողներով համալրւում են ամբողջ Արցախի պաշտպանութեան բանակի թափուր հաստիքները: Մենք այնտեղ չունենք այսպէս ասած «ճեղքեր», որ չունենանք բաւարար քանակի զօրք ծառայութիւնն իրականացնելու համար», պարզաբանեց Գլխաւոր Շտաբի ներկայացուցիչը:

Գնդապետ Սահակեանի խօսքով` անոր նպատակը հիմնականին մէջ ժամկէտային զինուորները առաջնագիծէն հանելն է: Ըստ անոր` Զինուած Ուժերը այդպիսի փորձ ունին նաեւ 3-րդ բանակային զօրամասին մէջ, ուր ժամկետայիններուն 90 տոկոսը մարտական հերթապահութեան չի ընդգրկուիր:

«Պաշտպանութեան նախարարի, Զինուած Ուժերի Գլխաւոր Շտաբի նպատակներից մէկը դա է, որ ժամկէտային զինծառայողներին որքան հնարաւոր է` առաջնագծից հանենք: Ձգտում ենք, որպէսզի ժամկէտային զինծառայողներով մարտական հերթապահութիւն չիրականացնենք հնարաւորութեան սահմաններում: Օրինակը բերեցի` Պաշտպանութեան բանակում այլեւս ժամկէտայիններ չենք կիրառելու, 3-րդ բանակային զօրամասում ծառայութեան մէջ գտնուող ժամկէտայինների 90 տոկոսը մարտական հերթապահութեան չի ընդգրկւում: Եւ աշխատելու ենք մնացած բոլոր զօրամիաւորումներում այդ փորձը կիրառել», յաւելեց զինուորականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment