Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրած Են

Հայաստանի Եւ Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրած Են

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ աշխատանքային այցով Յունաստան կը  գտնուի, Աթէնքի մէջ հանդիպած է Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ:

Հանդիպման ընթացքին երկուստէք անդրադարձ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն, կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ իրադրութեան: Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յայտնած են, որ կողմերը վերահաստատած են  յոյն-հայկական բարեկամութիւնն ու ամուր պատմական կապերը, խօսած են համագործակցութեան մասին:

Հանդիպման ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ ստորագրուած է Եւրոմիութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր:

Յունաստան կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելլարոփուլուի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment