Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հանդիպած Է Կեդրոնական Դրամատան Նախագահ Մարթին Գալստեանին

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Հանդիպած Է Կեդրոնական Դրամատան Նախագահ Մարթին Գալստեանին

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ֆինանսական շուկային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեանը նախագահին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է հայկական դրամի եւ արտարժոյթներու փոխարժէքի տատանումներու վտանգներուն եւ անոնց վերահսկելիութեան մասին:

Կեդրոնական դրամատան նախագահը անդրադարձած է նաեւ արժութային շուկային մէջ հակամրցակցային դրսեւորումներուն եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ նման երեւոյթները բացառող միջոցառումներուն եւ պատժամիջոցներուն:

Նախագահ Խաչատուրեան շեշտած է առկայ իրողութիւններու պայմաններուն մէջ ճկուն դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած է հայաստանեան ֆինանսական շուկային մէջ Կեդրոնական դրամատան կայունացնող եւ հաւասարակշռող դերակատարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment