Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Դադրեցուցած Են Շփումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահին Հետ. Զախարովա

Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Դադրեցուցած Են Շփումը ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ռուս Համանախագահին Հետ. Զախարովա

by MassisPost

Եթէ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ իսկապէս կարեւորէին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան իւրայատուկ միջնորդական ձեւաչափը, ապա իրենց թոյլ չէին տար անտեսելու բոլոր անդամ երկիրներու հաւանութեան արժանացած մանտաթը: Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնեց Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Անոնք առանց որեւէ խորհրդակցութեան Փետրուար 24-էն ցուցադրաբար դադրեցուցած են շփումները Մինսքի խումբի ռուս համանախագահին հետ: Անով եռեակի աշխատանքին մեծ հաշուով անդառնալի վնաս հասցուած է», ընդգծած է Զախարովան` մեկնաբանելով ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի յայտարարութիւնը, թէ ԱՄՆ հաւատարիմ է Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին:

Զախարովայի խօսքով` ձեւաչափէն հրաժարելու պատճառներուն վերաբերեալ որեւէ յստակ պարզաբանում չէ եղած: Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը այդ քայլը «անպատասխանատու» որակած է:

Ան յաւելած է, որ ռուսական կողմը շահագրգռուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով: Զախարովան վստահեցուցած է, որ Մոսկուան պիտի ընէ հնարաւորը, որպէսզի կեանքի կոչուին երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment