Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն Դեռ Չէ Յստակացուցած` Պիտի Պահե՞ն Պատգամաւորական Մանտաթները, Թէ՞ Պիտի Հրաժարին

ՀՀԿ-ն Դեռ Չէ Յստակացուցած` Պիտի Պահե՞ն Պատգամաւորական Մանտաթները, Թէ՞ Պիտի Հրաժարին

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ՀՀԿ-ի մէջ չեն յստակացներ, թէ իրենք ինչ որոշում ունին` պիտի պահե՞ն պատգամաւորական մանտաթները, թէ՞ պիտի հրաժարեն, ինչպէս նախօրէին ըրաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:

«Հայրենիք»-էն ու ՀՀԿ-էն կազմուած 6 հոգինոց ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան մեծամասնութիւնը` 4-ը Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներն են` Հայկ Մամիջանեանը, Տիգրան Աբրահամեանը, Տարօն Մարգարեանն ու Աննա Մկրտչեանը: Թագուհի Թովմասեանը անկուսակցական է:

Օգտագործելով Վանեցեանի նոյն ձեւակերպումը, որ «պատգամաւորական մանտաթը իրեն համար ինքնանպատակ չէ եղած», նախկին իշխանական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան ֆէյսպուքով գրած էր` «մեզի համար նոյնպէս խորհրդարանական մանտաթները երբեք ինքնանպատակ չեն եղած եւ ինքնանպատակ չեն», այդպէս ալ չյստակացնելով իրենց հետագայ ընելիքները:

«Բազմաթիւ առողջ ընդդիմադիր ուժերի հետ մենք կիսում ենք միեւնոյն ռազմավարական նպատակները, որոնց հասնելու համար կողմերը, այդ թւում` ՀՀԿ-ն, կարող են տարբեր մարտավարական լուծումների գնալ», գրած է Աշոտեան` չմանրամասնելով նաեւ հետագայ մարտավարութիւնը:

Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով Արթուր Վանեցեանը եւս Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռացման հասնելու իր օրակարգը չբացայայտեց: Խօսելով «Դիմադրութեան» շարժման մասին` ըսաւ, որ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ պայքարը տարբեր ուղղութիւններով շարունակել:

«Առանձնանում եմ, որովհետեւ ես հանդիսանում եմ քաղաքական ուժի ղեկավար, եւ այդ քաղաքական ուժը որոշել է իր օրակարգով առաջնորդուի: Ես ունեմ իմ օրակարգը, գնում եմ իմ օրակարգով: Վերջնական նպատակը` ճանապարհները եւ ուղիները, որով պէտք է հասնենք այս նպատակին, այս փուլում որոշակի տարբերութիւն կայ: Տարբերութիւնը ժամանակը ցոյց կը տայ, եկէք ես հիմա փակագծեր չփորձեմ բացել: Իմ հետագայ գործունէութիւնը եւ մնացած գործողութիւնները կը տեսնէք», ըսաւ Վանեցեան:

Ընդդիմադիր միւս` 29 հոգինոց «Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չհրաժարի մանտաթներէն, փոխանցեց պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը:

«Մանտաթները մեզ տուել է ժողովուրդը, յստակ մանտաթ` յստակ առաքելութեամբ, որի շրջանակներում է նաեւ «Դիմադրութեան» շարժումը: Եւ մեր մանտաթը մենք նաեւ Ազգային Ժողովում կիրառելու ենք մեր օրակարգով` այս իշխանութեան հեռացում, Փաշինեանի հեռացում` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների ապագայի, անվտանգութեան ու պետականութեան», ընդգծեց Մանուկեանը:

Ինչպէս Վանեցեանի հրաժարականին որոշումը, այնպէս ալ անոր յայտարարութիւնը, որ ընդդիմադիրները տարբեր պատկերացումներ ունին իշխանափոխութեան ճանապարհներու հարցով, Մանուկեանը ձեռնպահ մնաց մեկնաբանելէ:

«Պատիմ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարին` մանտաթը վայր դնելու փաստարկը հետեւեալն էր` Ազգային Ժողովը իրեն համար դադրած է ըլլալէ իշխանափոխութեան հասնելու արդիւնաւէտ հարթակ, որոշած են շարունակել գործունէութիւնը խորհրդարանէն դուրս:

«Ընթերցել եմ յայտարարութիւնը, յարգանքով ենք վերաբերւում: Արթուր Վանեցեանի հետ եղել է համատեղ պայքար, եւ վստահ եմ, որ շարունակուելու է: Արթուր Վանեցեանն էլ ակնարկել է, որ այս իշխանութիւնների հեռացման պայքարը չի դադարել, նշանակում է, որ դեռ համատեղ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւն ունենք», ըսաւ Մանուկեան:

ԱԱԾ նախկին տնօրէնը, ըստ էութեան, նաեւ ՀՀԿ-ի հետ կապերը խզելու մասին յայտարարութիւն ըրաւ` ֆէյսպուքի մէջ գրած էր, որ կուսակցութեան որոշմամբ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ ՀՀԿ-ի հետ նախընտրական շրջանին ձեւաւորած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը: Բայց բաժանումը, կարծես, խաղաղ էր: ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը նոյն հարթակին մէջ արձագանգած էր Վանեցեանին, որ անոր ու կուսակցութեան որոշման կը մօտենայ «յարգանքով»: Ինք` Վանեցեանը վստահութիւն յայտնեց, որ իրենք դեռ միասին ճանապարհ պիտի անցնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment