Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2022 Թուականին Երեւանը Մտած Է Աշխարհի Լաւագոյն 250 Քաղաքներու Վարկանշային Ցանկ

2022 Թուականին Երեւանը Մտած Է Աշխարհի Լաւագոյն 250 Քաղաքներու Վարկանշային Ցանկ

by MassisPost

«Global Startup Ecosystem Index-2022»-ի միջազգային վարկանիշով Երեւանը կովկասեան քաղաքներու շրջանին մէջ առաջատար է: «StartupBlink»-ը ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի ամենաընդգրկուն «Global Startup Ecosystem Index» զեկոյցը, որ կը դասակարգէ 1000 քաղաքներու եւ 100 երկիրներու սթարթափ էքոհամակարգերը: Նպատակն է տրամադրել որակեալ տեղեկատուութիւն զարգացումներու վերաբերեալ:

«Երեւանը կովկասեան տարածաշրջանի ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող քաղաքն է:  Կովկասի մէջ այն կը շարունակէ մնալ առաջին տեղը: Հայաստանը պիտի շարունակէ պահպանել իր դիրքը նաեւ մօտ ապագային: 2022 թուականին Երեւանը մտած է աշխարհի լաւագոյն 250 քաղաքներու վարկանշային ցանկ: Երեւանը մեծ թռիչք արձանագրած է` բարելաւուելով 38 կէտով, եւ զբաղեցուցած է 244-րդ տեղը համաշխարհային մասշտաբով: Այս աճը Երեւանը բարձրացուց Արեւելեան Եւրոպայի սանդղակով, ուր ան այժմ կը զբաղեցնէ 19-րդ տեղը` 2021 թուականի 29-ի փոխարէնէ, կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Կը նշուի, որ տարին լաւ եղած է Հայաստանի համար, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրած է, բարձրանալով 5 հորիզոնականով, այժմ 100 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 60-րդ տեղը:

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ լարուածութեան պատճառով, որպէս ծով ելք չունեցող, ցամաքային սահմանափակ մուտքով երկիր, ըստ զեկոյցին, հայկական էքոհամակարգը կը յաջողի իրական ճկունութիւն ցուցաբերել: Հայաստանի կառավարութիւնը շատոնց դիտարկած է, որ նորարարութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի երկրի ապագային համար, եւ միջոցներ յատկացուած են էքոհամակարգի զարգացման նպատակով: Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան ոլորտը 2021 թուականին ծաղկած է` աճը խթանող նոր ներդրումներով:

Հայկական սթարթափերը ի սկզբանէ թիրախաւորած են համաշխարհային շուկան` երկրի փոքր շուկային պատճառով: Բացի այդ, Հայաստանի կառավարութիւնը մեծ աշխատանք կը կատարէ` աջակցելով արհեստագիտութեան սթարթափերուն: Օտարերկրեայ ներդրումներուն աջակցելու համար Հայաստանը ստեղծած է ազատ տնտեսական գօտիներ: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Հայաստանը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է պիւրոքրաթիայի եւ փտածութեան նուազեցման ուղղութեամբ:

«Հայկական սթարթափ էքոհամակարգերը դեռ կը գտնուին իրենց վաղ փուլերուն մէջ, երկիրը ընելիքներ ունի վերականգնուելու համար: Առկայ է չօգտագործուած զգալի ներուժ, որ կը սպասէ ի յայտ գալուն», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment