Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութեան Տուեալները «Դիմադրութիւն» Շարժման Գործողութիւններուն Առթիւ

Դատախազութեան Տուեալները «Դիմադրութիւն» Շարժման Գործողութիւններուն Առթիւ

by MassisPost

2022 թուականի Ապրիլ 22-էն մեկնարկած «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները Յունիս 15-ին ազատեցին Ֆրանսայի հրապարակը վրաններէն, նշելով որ անհրաժեշտութեան նարագային պիտի վերսկսին վրանային շարժումը: Վերոնշեալ ժամանակահատուածին մէջ գործողութեան մասնակիցներուն կողմէ ոչ-իրաւաչափ գործողութիւններ կատարելու առիթով յարուցուած են շարք մը քրէական գործեր: Այս մասին կը տեղեկանէ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը:

Ըստ Գլխաւոր Դատախազութեան տուեալներուն` հանրահաւաքներուն, երթերուն եւ ընդդիմութեան յայտարարած անհնազանդութեան գործողութիւններուն ընթացքին 2022 թուականի Յունիս 17-ի դրութեամբ յարուցուած է ընդհանուր 30 քրէական գործ, 3 դէպքի առթիւ նախապատրաստուած նիւթերով քրէական գործի յարուցումը մերժուած է, մէկ դէպքով կը նախապատրաստուին նիւթեր: Որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է 53 անձ, որոնցմէ 28-ին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը` մէկ կամ երկու ամիս ժամկէտով: Մէկ անձի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Վերոնշեալներէն 3 քրէական գործ` 9 անձի վերաբերեալ, մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան, իսկ քննուող քրէական գործերէն անջատուած մասերով 4 անձի վերաբերեալ 3 քրէական գործով յայտարարուած է նախաքննութեան աւարտ:

Ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքներուն ընթացքին Ոստիկանութեան մէջ եւս շարք   մը հաղորդումներ ստացուած են: Ստացուած հաղորդումներէն 46-ով յարուցուած են քրէական գործեր, 30-ով որոշում կայացուած է քրէական գործ յարուցելը մերժելու մասին, 3 քրէական գործի վարոյթ կարճուած է, իսկ 20 հաղորդումներու հիման վրայ տակաւին կը նախապատրաստուին նիւթեր: Նշեալ քրէական գործերով կասկածեալի կամ մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ ունեցող անձեր նախաքննութեան ներկայ փուլին դեռ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment