«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Աննա Վարդապետեանի թեկնածութիւնը: Այս տեղեկութիւնը հաստատեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանը:
«Տիկին Վարդապետեանը թէ իր մասնագիտական որակներով, թէ իր բարձր բարոյական ու արժէքային յատկանիշներով, նաեւ օրէնսդրութեամբ սահմանուած պահանջներով համապատասխանում է այն կարեւորագոյն առաքելութեանը, որը մեր կարծիքով պէտք է ունենայ ապագայ ՀՀ գլխաւոր դատախազը», ըսաւ ան:
Կոնճորեանը վստահ է, որ Վարդապետեանը ընտրուելէ յետոյ միանշանակ պիտի կատարէ ՀՀ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով իրեն լիազօրուած գործողութիւնները եւ պիտի ըլլայ Սահմանադրութեան, օրէնսդրութեան եւ իր խիղճին առջեւ մաքուր ու պատասխանատու:
Սեպտեմբեր 16-ին կը լրանայ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնավարման ժամկէտը: Գլխաւոր դատախազը Ազգային Ժողովին իրաւասու մշտական յանձնաժողովին առաջարկութեամբ կ՛ընտրուի Ազգային Ժողովին կողմէ` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք հինգերորդով, վեց տարի ժամկէտով: