Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն 107 Ամեակը

Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն 107 Ամեակը

by MassisPost

Հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան մէջ կ’առանձնանայ 1915 թուականը, որուն էջերուն վրայ արձանագրուեցան մեր ամենէն ողբերգական դրուագները` հայութիւնը հասցնելով ամբողջական կործանման եզրին:

Կանխատեսելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող ու գործադրող Երիտթուրքերու կառավարութեան հայաջինջ նպատակներուն մասին ահազանգ հնչեցնող միակ ուժը եղաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը: ՍԴՀԿ-ի 7-րդ Համագումարը` կայացած 1913-ին Ռումանիոյ Քոսդանձա քաղաքին մէջ, լայնօրէն քննարկելով Արեւմտահայութեան սպառնացող վտանգը, գաղտնի որոշում կայացուց ու ծրագրեց` ահաբեկելու Երիտթուրքերու պարագլուխները հաւատալով, որ այդպիսով կարելի պիտի ըլլար կանխել Ցեղասպանութիւնը:

Ծրագիրը իրագործելու նպատակով կազմուեցաւ յատուկ խումբ` գլխաւորութեամբ Մեղրիի ծնունդ Մաթէոս Սարգսեանի, որ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է Փարամազ ծածկանունով: Խումբի անդամները վերադառնալով Երկիր սկսան իրենց նախապատրաստական աշխատանքները, սակայն շատ չանցած Փարամազ ու իր ընկերները զոհ դարձան հայանուն անհատի մը մատնութեան ու իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելով ենթարկուեցան կալանքի: Թրքական զինուորական դատարանին կողմէ Հնչակեան քսան գործիչներ դատապարտուեցան մահուան ու անոնք 1915 թուականի Յունիս 15-ին Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ բարձրացան կախաղան:

Պոլսոյ Հայութիւնը, որ մինչ այդ տեղեակ անգամ չէր Ապրիլ 24-ին ծայր առած հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններուն ու գաւառներուն մէջ տեղի ունեցող ջարդերուն ու տեղահանութեան մասին, այդ օրը առաջին անգամ զգաց պահի լրջութիւնը:

Այս օրերուն կը նշենք Հնչակեան Քսան հերոսներուն նահատակութեան 107-ամեակը: Անոնք իրենց կեանքով, գործով ու մահուամբ մարմնաւորեցին Հայ ժողովուրդի ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը: Տարբեր պիտի ըլլար արեւմտահայութեան ճակատագիրը, եթէ Քսանները յաջողէին ի գործ դնել իրենց ծրագիրները:

«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի քան մեր գործը շարունակելու», «Վաղը արեւելքի հորիզոնին վրայ մենք պիտի ողջունենք Հայաստանի վերածնունդը», կախաղանի վրայ իրենց վերջին խօսքերուն մէջ խիզախօրէն պատգամեցին Քսանները: Անոնք ոչ միայն կանխատեսեցնի հայութեան սպառնացող վտանգը այլ եւ մարգարէացան Հայ ժողովուրդի վերածնունդը:

Ցեղասպանութենէն երեք տարիներ ետք հայու բեկորները` Սարդարապատի ճակատամարտի ընթացքին մահ ու կենաց պատերազմ մղելով ու թշնամին նահանջի մատնելով հիմը դրին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան:

Քսանները անմահացան Հնչակեան Կուսակցութեան ու Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Անցնող տասնամեակներուն Քսաններուն յիշատակը վառ պահուեցաւ անոնց նուիրուած բանաստեղծութիւններով, ազգային երգերով, հրատարակութիւններով, Հայաստանի ու սփիւռքի տարածքին յուշակոթողներով եւ հրապարակային հանդիսութիւններով: 2013 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով Քսաններուն տարելիցը նշուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ: Խումբ մը թուրք յառաջդիմական մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, նոյն այդ հրապարակին վրայ, ուր անոնք կախաղան բարձրացած էին տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում ու ծածանեցաւ Հնչակեան կարմիր դրօշը:

Անկէ ասդին թուրքիոյ մէջ լոյս տեսան բազմաթիւ հրատարակութիւններ նուիրուած Քսաններուն ու անոնց առաջնորդ` Փարամազին: Թուրք մտաւորական Քատիր Աքինի կողմէ պատրաստուած ու Փարամազին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կը շարունակուի եւրոպական քաղաքներու եւ Թուրքիոյ տարածքին:

Քսաններուն պաշտպանած արժէքները համամարդկային են ու արդիական: Անոնք կը պայքարէին ոչ միայն հայութեան իրաւունքներուն , այլ եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքներուն համար: 107 տարիներ ետք այսօրուան հանրապետական Թուրքիան, կարճատեւ «ժողովրդավարական գարունէն» ետք, վերադարձած է բռնապետութեան գիրկը ու կը շարունակէ ոտնակոխ ընել ոչ միայն փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, այլեւ թուրք հասարակութեան ազատութիւններ: Բանտեր դարձեալ լեցուած են քաղաքական բանտարկեալներով: Կը մաղթենք որ, Թուրք ժողովուրդը կարողանայ վերադառնալ դէպի ժողովրդավարութիւն ու իր վրայէն թօթափէ պատմութեան ծանր բեռը, առաջին հերթին ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրականացումն է Քսաններուն տեսլականին ու իղձերուն: Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը նաեւ արդիւնք է Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին ՍԴՀԿ-ի մղած պայքարին` ընդդէմ օլիկարխիկ փտած համակարգին: Տարբեր չէր կրնար ըլլալ Քսաններուն ծնունդ տուող Կուսակցութեան կեցուածքը:
Յարգանք` Հնչակեան Քսաններուն եւ Հայ Ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն անմահ յիշատակին:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment