Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Բացակայութեան Մէջ Է․ Իշխանական Պատգամաւոր

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Բացակայութեան Մէջ Է․ Իշխանական Պատգամաւոր

by MassisPost

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բացակայութեան մէջ է, Ազգային Ժողովին մէջ, 2021-ի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկման ժամանակ, յայտնեց Ազգային Ժողովի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանը:

Ամփոփելով ընդդիմութեան վերջին 40 օրուայ գործողութիւնները` Կոնճորեան շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը կարողութիւն չունի սպասարկելու իր պարտականութիւնները որեւէ ոլորտի մէջ, այդ շարքին` խորհրդարանին մէջ իրեն քուէարկած քաղաքացիներուն առջեւ:

«Չի կարողանում փաստացի նաեւ սպասարկել իր պատրականութիւնները փողոցում, որովհետեւ մենք տեսանք ընդդիմութեան տխուր ճակատագիրն այս վերջին շաբաթների ընթացքում, որն ամփոփուեց այսօր` Ֆրանսայի հրապարակը գլխիկոր ազատելով ընդդիմութեան կողմից: Եւ ուրեմն, այո՛, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը բացակայութեան մէջ է, եւ սա շատ կարեւոր մտածելու առիթ է բոլորիս համար` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների համար»,  ըսաւ պատգամաւորը:

Ընդդիմութիւնը կը փորձէր արցախեան հարցը, Արցախը օգտագործել` իշխանութիւնը վերստին զաւթելու համար, յայտնեց Կոնճորեանը` շեշտելով, որ ընդդիմութեան այս «փրկչական» առաքելութիւնը, որուն տակ թաքնուած էր Արցախի միջոցով իշխանութիւն զաւթելը, կատարելապէս ձախողած է:

«Finita la comedia, յարգելի գործընկերներ եւ սիրելի հայրենակիցներ», ըսաւ իշխող խմբակցութեան ղեկավարը` արձանագրելով․ «Ընդդիմութեան այս տխուր վերջաբանն ու տապալումը վկայում է Հայաստանում ժողովրդավարութեան յաղթանակի մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment