Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահն Ու Նոպէլեան Մրցանակի Դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեանը Այցելեցին «Սինոփսիս Արմենիա»

ՀՀ Նախագահն Ու Նոպէլեան Մրցանակի Դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեանը Այցելեցին «Սինոփսիս Արմենիա»

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ու բժշկագիտութեան ոլորտի Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեանը Յունիս 13-ին  այցելեցին  «Սինոփսիս Արմենիա»: Անոնք շրջեցան ընկերութեան մէջ, ծանօթացան գործունէութեան, յառաջիկայ ծրագրերուն, ապա մասնակցեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի, գիտութեան արդի մարտահրաւէրներուն վերաբերող քննարկման ու պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Վահագն Խաչատուրեան ըսաւ, որ մեր պետութիւնը, կերտելու, զարգացնելու բանալին մեր ձեռքն է: «Մենք գնում ենք դէպի գիտութիւն,  դէպի  բարձր արհեստագիտութիւններ: Այլ ընտրութիւն չունենք», ըսաւ նախագահը:

Ան նշեց, որ Սփիւռքը եւս պէտք է մասնակից ըլլայ մեր կեանքի փոփոխութեան, քանի որ այն միայն օգնութեան օղակ կամ հնարաւորութիւն չէ:

«Կարծում եմ լաւագոյն օրինակն է, թէ ինչպէս կարելի է գիտութեամբ յայտնի դառնալ աշխարհում: Մենք աղբիւրներ չունենք, բայց մենք կարող ենք մեր գիտելիքով աշխարհին ներկայանալի դառնալ եւ «Սինոփսիս»-ը դրա վառ օրինակներից մէկն է», ըսաւ ան:


Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքուլային կենսաբան, նեարդաբան Արտեմ Փաթափութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ինքզինք կը զգայտան մէջ:
«Օր մը ես սիրահարուեցայ գիտութեան եւ կրնամ ըսել, որ եթէ դուն բրեւէ բան կ’ընես, պէտք է սիրես զայն: Ես կը կարծեմ, որ շատ լաւ է, երբ կը զբաղիս քեզի հաճելի եղող բանով, եւ այդ է յաջողութեան գրաւականը», ըսաւ ան:

«Սինոփսիս Արմենիա»-ի տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը կարեւոր համարեց, որ այն մարդիկ,  ովքեր համաշխարհային ճանաչում կ’ունենան, չմոռնան նշել իրենց արմատներուն մասին, որ իրենք հայ են, մեծցել են հայկական ընտանիքի մէջ: «Առաջին անգամ հայ գիտնականն արժանանում է Նոպէլեան մրցանակի, եւ ես չափազանցրած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ այս յաջողութիւնը մեր ազգային նուաճումներից մէկն է», ըսաւ ան:

«Սինոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը իր հերթին ընդգծեց, որ առանձնայատուկ պատիւ եւ երջանկութիւն է հիւրընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ արդէն հանրաճանաչ հայորդի, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքուլային կենսաբան, նեարդաբան Արտեմ Փաթափութեանը: «Անչափ կը կարեւորեմ նման հանդիպումները, քանի որ անոնք կու տան երկխօսութեան, անձնային ձեւաչափով միտքերու եւ փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ յաջողութեան պատմութիւններու մատուցման հնարաւորութիւն, ինչ որ այսօր կենսականօրէն կարեւոր է մեր երիտասարդ ճարտարագէտներուն եւ գիտութեամբ զբաղողներուն համար իրենց մասնագիտական ասպարէզը եւ գիտական գործունէութիւնը ճիշդ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար», ըսաւ Երուանդ Զօրեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment