Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաթարի Էմիրը Ընդունած Է Հայաստան Այցելելու` Փաշինեանի Հրաւէրը

Քաթարի Էմիրը Ընդունած Է Հայաստան Այցելելու` Փաշինեանի Հրաւէրը

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Քաթար գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է Քաթարի էմիր, շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:

Ողջունելով վարչապետ Փաշինեանը` Քաթարի էմիրը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ ձեւաւորուած բարիդրացիական յարաբերութիւններն ու փոխվստահութիւնը` ընդգծելով, որ քաթարական կողմը շահագրգիռ է զարգացնելու եւ ամրապնդելու երկկողմ փոխգործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահութիւն յայտնած, որ այս այցը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ հայ-քաթարական համագործակցութեան, այդ շարքին` տնտեսութեան եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ:

Հայաստանի վարչապետն ու Քաթարի էմիրը ընդգծած են երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման երկուստեք պատրաստակամութիւնը:

Կողմերը կարեւորած են յարաբերութիւններու զարգացումը յատկապէս տնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, գիտութեան, օդային հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած գործարար միջավայրին եւ նշած, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու շրջանակին մէջ նպաստելու Քաթարի ընկերութիւններուն կողմէ հնարաւոր ներդրումային ծրագրերու իրականացման:

Զրուցակիցները վստահութիւն յայտնած են, որ ՀՀ վարչապետին պաշտօնական այցն ու օրակարգով նախատեսուած հանդիպումները պիտի նպաստեն ներդրումներու եւ առեւտրաշրջանառութեան ոլորտներուն մէջ կապերու ընդլայնման ու խորացման:

Հայաստանի վարչապետը Քաթարի էմիրը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան, ինչ որ սիրով ընդունուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment