Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ Նորանշանակ Դեսպան Նորա Արիսեանը Իր Հաւատարմագրերու Պատճէնը Յանձնած Է Արարատ Միրզոյեանին

Սուրիոյ Նորանշանակ Դեսպան Նորա Արիսեանը Իր Հաւատարմագրերու Պատճէնը Յանձնած Է Արարատ Միրզոյեանին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը Յունիս 2-ին իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած էլ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանին:

Նախարար Միրզոյեան շնորհաւորվծ է Նորա Արիսեանը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան իր դիւանագիտական գործունէութիւնը կը ծառայեցնէ հայ-սուրիական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման:

Զրուցակիցները մեծապէս արժեւորած են փոխադարձ համակրանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական, բարեկամական կապերը: Այս առումով ընդգծուած է սուրիահայ համայնքին ունեցած դերը:

Ընդգծելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը` կողմերը անդրադարձ կատարած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment