Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սէյրան Օհանեանը Յայտարարած Է, Որ Վահագնի Թաղամասին Մէջ Որեւէ Գոյքի Չի Տիրապետեր

Սէյրան Օհանեանը Յայտարարած Է, Որ Վահագնի Թաղամասին Մէջ Որեւէ Գոյքի Չի Տիրապետեր

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար,  Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը յայտարարած է, որ չի տիրապետեր եւ չէ տիրապետած Վահագնի թաղամասին մէջ գտնուող առանձնատան, ինչպէս նաեւ հասարակական նշանակութեան այլ կառաոյցներու:

Սէյրան Օհանեանը նման յայտարարութիւն տարածած է` անդրադառնալով ՀՀ Դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան, որուն մէջ կը նշուէր, որ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին Սէյրան Օհանեանէն եւ  անոր հետ փոխկապակցուած թիւով 3 անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյք բռնագանձել:

«Այսպիսով, ՀՀ-ում կամ նրա սահմաններից դուրս որեւէ դատարան չի կարող բռնագանձել սոյն շինութիւնները` որպէս ինձ` Սէյրան Օհանեանիս պատկանող գոյք, այն էլ` ապօրինի», ըսուած է Օհանեանի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Օհանեանը նաեւ յաւելած է, որ  իր անուան շուրջ պտըտող ստայօդ լուրերը կապուած են Արցախի հարցով իր հակաիշխանական կոշտ դիրքորոշման եւ «Դիմադրութեան» շարժման պայքարի աճող սրութեան հետ:

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին Սէյրան Օհանեանէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած թիւով 3 անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել մասնաւորապէս`

Երեւան քաղաքին մէջ գտնուող 2 հասարակական նշանակութեան տարածքները, Վահագնի թաղամասին մէջ գտնուող առանձնատունը, ինչպէս նաեւ 1 փոխադրութեան միջոց, իսկ անհնարինութեան պարագային` անոնց միջին շուկայական արժէքները, որ ընդհանուր կը կազմէ 1.092.538.513 դրամ:

477.473.907 դրամ` որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ, ինչպէս նաեւ 600.762.179 դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում եւ հնարաւոր չէ բռնագանձել` հիմք ընդունելով ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքի 20-րդ յօդուածի 4-րդ մասը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment